Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

October 4, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՊԻՆԱ»

– Յօդուած, ստորագրութեամբ` Ուալիտ Զէյթունիի, որ կ՛անդրադառնայ շրջանին մէջ թրքական ախորժակներուն, Սուրիոյ դէմ Թուրքիոյ կեցուածքներուն, Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ սերտ բարեկամութեան շարունակութեան եւ պաղեստինեան հարցի լուծման իբրեւ պաշտպան ծպտուելու անոր իրականութեան:

Զէյթունի կը հաստատէ, որ մինչ արաբները խոր քունի մէջ են, Աֆղանիստանի ափիոնները շնչած Թուրքիա զգաստ կը գործէ եւ անոր վարչապետը` գործակալ ոճրագործ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը ջանայ շրջանին մէջ գործադրել նոր օսմանական ծրագիրները` սիրաշահելով արաբները, որոնք կը մագնիսանան անոր «մարդասիրական» յայտարարութիւններով:

Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ Թուրքիա իր դրացի բոլոր երկիրներուն հետ հարցեր ունէր, բացի Սուրիայէն, որ սրտբաց ու գրկաբաց ընդունած էր զինք, «սակայն Թուրքիա, ըստ իր սովորութեան, թրքական պատասխան մը տուաւ Սուրիոյ: Իսկ պատմութեան մէջ թուրքերուն արժէքը անոնց դաւաճանութիւնն է: Օսմանեան կայսրութիւնը վկայ է անոնց նենգութեան: Բաւարար է նշել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտրէթի, Կիլիկիոյ եւ Ատանայի մէջ ասորիներու եւ սուրիացիներու սպանդները, ինչպէս նաեւ քիւրտերուն եւ թուրանական ցեղին չպատկանող ժողովուրդներուն դէմ անոնց վարուելակերպը` հասկնալու համար, թէ ո՛վ են անոնք», կ՛ըսէ Զէյթունի:

Ան դիտել կու տայ, որ եւրոպական զգեստներ հագուող թուրքերը կը մնան նոյն թուրքերը, որոնց նկարագիրին մէջ ոչինչ փոխուած է: Ան խիստ շեշտով կը հաստատէ, որ ոճրագործ Էրտողան պէտք չէ քաղաքակրթութեան դասեր տայ արաբներուն` ընդգծելով, որ այդ մէկը կատարելու փոխարէն ան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, խաղաղ միջոցներով լուծէ քրտական հարցը եւ երկխօսութիւն կատարէ Օճալանի հետ` ընդառաջելով քիւրտերուն մարդկային եւ ընկերային կարիքներուն:

«Ոճրագործ Էրտողան ժողովուրդներու իրաւունքներուն մասին խօսելու փոխարէն մեզի պէտք է վերադարձնէ Ալեքսանտրէթը եւ Կիլիկիան, պէտք չէ յարձակի Կիպրոսի դէմ եւ զայն երկու պետութեան բաժնէ, պէտք է փոխադարձ հասկացողութիւն մը ստեղծէ Յունաստանի հետ եւ երբեք չմիջամտէ ղարաբաղեան տագնապին», կը նշէ Զէյթունի:

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅԽՀՈՐՍԹԸ ԵՒ ԹՈՒՖԻՔԸ

Յաջորդը

ՂՈՍԸՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴՐՈՒԱԾ 250 ՀԱԶԱՐ Լ. ՈՍԿԻԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.