Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր այս շաբթուան նիստին ընթացքին պիտի չքննարկէ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցը:
Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնքի նախագիծին` Շարպել յայտնեց, որ ընտրական նոր օրինագիծը արդէն իսկ պատրաստ է` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին ինք մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ այդ նպատակով:
Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ լիբանանեան գաղութին վերաբերող շարք մը հարցեր:


