
Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը մինչեւ 2021 թուական երկարաձգեց սպանացի իր միջնապահին պայմանագրութիւնը:
25 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը այսպիսով երկարաձգուեցաւ մէկ տարիով:
Արքայական ակումբը յայտնեց, որ անոր աշխատավարձը եւս զգալիօրէն բարձրացաւ, առանց սակայն այդ առնչութեամբ մանրամասնութիւններ հրապարակելու:


