
Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Մանարայի դաշտին վրայ, երէկ գիշեր տիտղոսակիր Ռիատի Պէյրութ 94-76 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հուփսի, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ իր երկրորդ պարտութիւնը կրելով` Հուփս այսպիսով դուրս կը մնայ մրցաշարքէն:
Ռիատիէն Ալատի Ամինու նշանակեց 22 կէտ, Տուարիք Սփենսըր` 18 կէտ, իսկ Ֆատի Խաթիպ եւ Ալի Հայտար` 15-ական կէտ:
Ասիկա` ինչ կը վերաբերի Ա. խմբակին:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ զուտ լիբանանեան ճակատում մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ կը մրցի Պիպլոսի դէմ:
ՀՄԸՄ արձանագրած է յաղթանակ մը, մինչ Պիպլոս պարտուած է իր կատարած առաջին մրցումին:


