
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն որոշեց չզրկել ազատ ոճի ըմբշամարտի ողիմպիականի փոխախոյեան Պեսիք Քուտուխովը 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու մետալէն:
Ռուս ըմբիշին վրայ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ կատարուած քննութիւնները տուած էին դրական արդիւնք:
Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ 2016-ին եւ Ռուսիայէն պահանջուեցաւ մետալը վերադարձնել: Անոր մօտ ի յայտ եկած էր մկանները զօրացնող դեղերու գործածութեան փաստ:
Նշենք սակայն, որ ան մահացաւ 29 դեկտեմբեր 2013-ին, երբ ռուսական Արմաւիր քաղաքին մօտ ենթարկուեցաւ ինքնաշարժի արկածի մը: Ան 27 տարեկան էր:


