Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Զօր. Միշել Աունը

October 25, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_basil_102416

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, ընկերակցութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական խորհրդատու Հաժ Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր գործավար Ուաֆիք Սաֆա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Ներկաները ընդգծեցին նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել այդ իրադարձութիւնը` պահպանելով երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է սէյիտ Նասրալլային շնորհակալութիւն յայտնել` նախագահական ընտրութեան հարցին լուծման մէջ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը բարի աւարտ մը ունեցաւ` հաստատելով, որ իրենք ազգային հարցերու իմաստով միշտ ալ վայելած են Հըզպալլայի օժանդակութիւնը:

Պքերքէի Մէջ

aoun_bkerke_102416

Երեկոյեան ժամը շուրջ 9:00-ին, զօր. Աուն ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն Ռայի պատրիարքին ներկայացուց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին վերաբերող զարգացումները, որոնք կանխեցին երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ի նախագահական ընտրութեան նիստը:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ արձանագրուած այդ զարգացումներուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ ինք միշտ  երեսփոխանական պլոքներէն պահանջած է իրենց կարծիքը յայտնել թեկնածութիւններուն վերաբերեալ, «որովհետեւ այդ կեցուածքն է, որ կ՛երաշխաւորէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որուն լիբանանցիները անհամբեր սպասած են»:

Նախորդը

Տեսակէտ. Տողատակի Մատնանշում, Կոչ Եւ Պատգամ

Յաջորդը

«Հայաստանն Ու Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Ունենան Լուրջ Թեքնիք Համաձայնագիր, Որ Կը Նախատեսուի Ստորագրել Մինչեւ Տարեվերջ» Կ՛ըսէ Լեհաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.