
News.am-Sport կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան եւրոպական գօտիի զտումի մրցաշարքին մասնակցելու առաջարկ ներկայացուցած է:
Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 2-էն 17 օգոստոս 2017-ին:
Մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10 դեկտեմբեր 2016-ին` Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ:
Հայաստան, որ նախորդ յուլիսին հանդիսացաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան տիտղոսակիր, առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:


