Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Քալամուն-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին, Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


