
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 հոկտեմբերին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը` բարձր գնահատելով Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու հարցին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան եւ Հերպըրթ Զալպեր միտքեր փոխանակած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին շուրջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, հիմնախնդիրի լուծման խաղաղ բանակցութիւններուն միջոցով հասնելու ջանքերը եւ վերահաստատած, որ հայկական կողմը պատրաստ է շարունակելու կառուցողական քայլերը` ի նպաստ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:
Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին` սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային զարգացումներուն շուրջ:
20 հոկտեմբերին Հերպըրթ Զալպեր հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ:


