
20 հոկտեմբերին ժամը 23:00-23:30-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններուն մէջ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական¬ներթափանցման փորձերու: Այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ըստ անոր, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին անդրադարձած են ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացքին եւ, կորուստներ պատճառելով, ետ շպրտած են իրենց ելման դիրքերը: Ներթափանցումի խումբին դէմ դնելու ընթացքին բանակը կորուստներ չէ ունեցած:
Բացի հետախուզական-ներթափանցման փորձերէն, հակառակորդը 20-21 հոկտեմբերի լուսցող գիշերը զինադադարի դրութիւնը խախտած է աւելի քան 50 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2800 կրակոց: Հարաւային ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրարկած է նաեւ ՏՇՔ տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիր (200 կրակոց):
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել սահմանագիծին մէջ եւ պատրաստ են կանխարգիլելու հակառակորդի որեւէ սադրիչ գործողութիւն` հասցնելով ցաւոտ հարուած», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի ցուցաբերած աշխուժութեան եւ յառաջիկայ օրերուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն շրջան կատարելիք այցելութեան միջեւ կապ կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ. «Երբ խումբեր, կարեւոր դիւանագէտներ այցելեն շրջան, ինչքանո՞վ արդարացուած է, որ խախտումներ կատարէ պետութիւն մը: Տրամաբանական չէ, չէ՞: Բայց մենք չենք կրնար բնական պետութեան քաղաքականութեան միջոցով դիտարկել Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճան բնական պետութիւն չէ` ան ահաբեկչական է, ան նացիական է, ֆաշական է, իսկ նման պետութիւններու քայլերը տրամաբանօրէն գրեթէ անկարելի է վերլուծել: Ան այսպիսի քաղաքականութիւն կ՛որդեգրէ` մեկնելով իր էութենէն»:
Բաբայեան դիտել տուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռագիրի որեւէ փոփոխութիւն, ինչպէս նաեւ թեքնիք վերազինում նկատելի չէ: «Նաեւ նման ներթափանցման գործողութիւններուն դիմելը փորձ է` տեսնելու, թէ ինչքանո՛վ ամուր է առաջնագիծը եւ այն իրականութիւնը, որ անոնք նահանջի ստիպողութեան տակ եղած են, ցոյց կու տայ, որ ամուր է: Ընդհանրապէս, եթէ ամուր չըլլար, Ազրպէյճան անպայման անկէ կ՛օգտուէր` ասիկա փաստ է: Ամէն ինչ կ՛ընենք: Ի հարկէ, ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք է ըսենք, որ իտէալական է ամէն ինչ, չէ, բայց կան խնդիրներ, եւ ի գործ կը դրուի կարելին` այդ խնդիրները լուծելու համար, ա՛լ աւելի ուժեղացնելու մեր պաշտպանունակութիւնը«, դիտել տուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալը:


