Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնի 10-Ամեակ

October 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ընդունինք, Ուղղենք, Դաստիարակենք» Նիւթով Միօրեայ Համագումար

horizon_101516

«Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնի 10-ամեակին առիթով կազմակերպուած  «Ընդունինք,  ուղղենք, դաստիարակենք»  նիւթով միօրեայ  համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դպրոցներու տնօրէններ, հոգեբաններ, ընկերային ծառայողներ, բաժանմունքներու պատասխանատուներ,  դաստիարակներ, պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ  ընկերային-բժշկական, կրօնական, ազգային հաստատութիւններու պաշտօնեաներ:

horizon1_101516

Բացման խօսքը «Հորիզոն» նախազգուշական գրասենեակի վարչութեան կողմէ արտասանեց Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան,  որ յայտնեց, թէ համագումարին առաջին նպատակը պիտի ըլլայ ընդունիլ, թէ համատարած սովորութիւն մը դարձած է թմրեցուցիչի գործածութիւնը, որուն բուժման առաջին քայլը այդ ախտին գոյութիւնը ընդունելուն մէջ է: Երկրորդ նպատակը ուղղելն է այն պարագաները, երիտասարդներն ու պատանիները, որոնք մոլութեան սեմին են: Իսկ երրորդ նպատակը դաստիարակելն է` ստեղծելով հասարակութեան մէջ գիտակցութիւնը, հեռու մնալու այս վարակիչ մոլութենէն: Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան աւելցուց, որ համագումարի աւարտին պիտի ընդունուի բանաձեւ մը` ճշդելու համար գաղութի մէջ գործող միութիւններուն, վարժարաններուն եւ «Հորիզոն» կեդրոնին միջեւ համագործակցաբար յառաջիկայ տարիներուն կատարուելիք աշխատանքները:

Համագումարի առաջին բաժինով, լիբանանեան «Սքուն»  կեդրոնի համակարգող Րաֆֆի Էլմաճեան ներկայացուց «Թմրամոլութեան իրողութիւնը Լիբանանի մէջ» վերնագիրով նիւթը: Ան ներկայացնելէ ետք «Սքուն»-ի գործունէութիւնը, բացատրեց, թէ թմրամոլութեան ախտի բուժման առաջին քայլը տեղեակ ըլլալն է անոր մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն եւ հրապարակուած թիւերուն արդիւնքներուն: Սակայն որովհետեւ Լիբանանի մէջ թմրամոլութեան կամ ընդհանրապէս մոլութիւններու նիւթը «ամօթ» կը սեպուի, ժողովուրդը վերապահ կը մնայ, ինչ որ կը խոչընդոտէ  թիւեր հաւաքելու աշխատանքը:

Երկրորդ բաժինով,  Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) կրթական բաժանմունքի օգնական դասախօս դոկտ. Կարինէ Գալուստեան  ներկայացուց «Կանխարգիլման մանկավարժական մօտեցումներ» նիւթը` շեշտելով կեանքի եւ ընկերային հմտութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, թէ դպրոցներն ու միութիւնները պէտք է անպայման ստեղծեն ապահով միջավայր մը, որոնց միջոցով պատանիները պիտի կերտեն զօրաւոր, անկախ եւ ինքնավստահ անհատականութիւն մը:

Կարճ դադարէ մը ետք, առաջարկներու ու կարծիքներու փոխանակման առիթ տրուեցաւ համագումարին ներկայ գտնուող աւելի քան 6 մասնակիցներուն:

 

lozounk-2016

 

Նախորդը

Ինչքան Թուրքիան Հեռու Մնայ Արցախեան Հիմնահարցից, Այնքան Հարցն Աւելի Հեշտ Լուծում Կ՛ունենայ

Յաջորդը

Մենք Պիտի Չպատասխանենք Ձեզ Ձեր Գռեհիկ Ոճով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.