
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի եւ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ, Նաժի Ղարիոս եւ Սիմոն Ապի Ռամիա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, որովհետեւ անոր գործելաոճը հիմնուած է ուրիշը յարգելու, ընդունելու եւ անոր հետ գործակցելու սկզբունքին վրայ` պահպանելու համար Լիբանան կոչուող գեղեցիկ խճանկարը:
Իր կարգին, Քարամէ յայտնեց, որ Լիբանանի համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պատմական առիթ է, «եւ անոր զօրակցելու մեր սկզբունքէն անշեղ կը մնանք», ըսաւ ան:
Քարամէ ընդգծեց նախագահական աթոռի թափուր դրութեան վերջ տալու եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ մնացեալ հարցերը կարելի է լուծել սրտերու լուացումով եւ սահմանադրութեան ընդմէջէն:
«Հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնն է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալ, իսկ ատիկա լաւապէս կատարելու համար հանրապետութեան նախագահին շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը կարեւոր է», ըսաւ ան:


