ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր աստղերը շատ բան չեն ըսեր. միայն թէ ձեզ կը զգուշացնեն մսխումներէ, որոնք ձեզ սնանկութեան կ՛առաջնորդեն: Ձեր դրամը կարեւոր եւ պիտանի բաներու տրամադրէք, որպէսզի անորոշութեան չենթարկուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաճելի շաբաթավերջ մը կը նախատեսուի. ընտանեկան եւ բարեկամական խրախճանքներ պիտի կազմակերպէք, ինչ որ միշտ չէք կատարեր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատատեղին բարդ խնդիր մը պիտի պատահի: Զգուշ եղէք եւ հեռու մնացէք, որպէսզի դժուարութիւններ չունենաք: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր կատարած գործերը մեծ վստահութիւն պիտի ներշնչեն ձեր մեծաւորներուն. պաշտօնի բարձրացում մը պիտի ունենաք, եւ անշուշտ դրամական յաւելում մը տեղի պիտի ունենայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընկերութեան մէջ ձեր տուած խորհուրդները պիտի չընդունուին, սակայն շրջան մը վերջը պիտի անդրադառնան եւ ձեր ըսածները պիտի կիրարկեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծրագիր մը կ՛ուզէք իրագործել, սակայն ժամանակը բնաւ յարմար չէ: Աւելի լաւ է, որ ժամանակաւորապէս մոռնաք եւ աւելի յարմար ատեն ի գործ դնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր յաջողութիւնը ձեզմէ կախեալ է. մի՛ սպասէք, որ ուրիշներ աշխատին եւ մտածեն ձեր տեղը. դուք ձեր ճիգերով պէտք է հետապնդէք ձեր գործերը, որպէսզի ուրախութեամբ վայելէք արդիւնքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արտասահմանէն նամակ մը պիտի ստանաք, որով գործի առաջարկ մը պիտի ունենաք: Ինչո՞ւ մերժել գործ մը, որ կրնայ ձեր ապագան իմաստաւորել: Արկածախնդրութիւնները յաճախ յաջողութեամբ կը պսակուին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկար ժամանակէ ի վեր ծրագիր մը մշակած էք եւ չէք համարձակիր կիրարկել: Աւելի մի՛ սպասէք. ժամանակը շատ յարմար է, եթէ չկատարէք, կրնայ ուշ ըլլալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախաձեռնող չէք եւ կ՛ուզէք, որ ձեր գործերը ուրիշներ կատարեն, ինչ որ ձեզ ծուլութեան կ՛առաջնորդէ. գիտցէք, որ ուրիշներուն ըրածը դուք ալ կրնաք կատարել եւ թերեւս` աւելի լաւ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատավայրին մէջ դժուարութիւններ պիտի պատահին. զգուշացէք եւ շատ միջամուխ մի՛ ըլլաք, որպէսզի պատասխանատուութիւններէ հեռու մնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ աշխատած էք եւ ձեր ուժերը` սպառած: Շաբաթավերջի կատարեալ հանգիստ մը ձեզ պիտի կազդուրէ: Կարելի է առանձնանալ եւ բնութիւնը վայելել:
