
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն ռուս ծանրաբարձ Ափթի Օխատովէն խլեց անոր տիրացած արծաթ մետալը, որ ան շահած էր Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան 85 քկ դասակարգի մրցումներուն ընթացքին:
Նշենք, որ անոր վրայ կատարուած քննութիւնները տուին դրական արդիւնք: Ի յայտ եկաւ, որ ան արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած է:
Յայտարարուեցաւ, որ ուքրանացի Մաքսիմ Մազուրիք, որ նոյն խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ տղոց ձողով բարձրութիւն ցատկելու մրցումներուն, իր կարգին խթանիչ դեղեր գործածած է:


