Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Հիւլէական Հետազօտութիւններու Միացեալ Հիմնարկի Պատուիրակութիւնը

October 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nakhakah_101916

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 հոկտեմբերին ընդունած է «Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի օրերը Հայաստանի մէջ» խորագիրով գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող գիտնականներու պատուիրակութիւնը` հիմնարկի տնօրէն, բնագիտական¬ուսողական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ակադեմիկոս Վիքթոր Մաթվէեւի գլխաւորութեամբ:

Գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ 19-22 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ եւ նուիրուած է Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի 60-ամեակին ու հիմնարկին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ կարեւոր նկատած միջազգային գիտաժողովի կայացումը Երեւանին մէջ` դիտել տալով, որ այդ ծիրին մէջ մէկ յարկի տակ կը համախմբուին Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի 17 անդամ պետութիւններէն անուանի գիտնականներ, բարձրաստիճան հիւրեր, հիմնարկի անդամ պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ:

Նախագահը նման անուանի գիտնականներու մասնակցութեամբ հանդիպումները եւ հաւաքը կարեւոր նկատած է գիտական հանրութեան ներկայացուցիչներուն եւ յատկապէս երիտասարդ գիտնականներուն համար` գիտութեան մարզին մէջ բարձր նուաճումներու հասած անհատականութիւններուն հետ անմիջական կապ ունենալու առումով: Նախագահին համաձայն, նման նախաձեռնութիւններ ո՛չ միայն գիտական, այլ նաեւ տարբեր մշակոյթներ եւ աւանդութիւններ կրող, տարբեր գիտական դպրոցներ ներկայացնող անձերու միջեւ երկխօսութեան կարելիութիւն է` միտուած համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու նախանշման ու ոլորտի արդիական խնդիրներու քննարկման: Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է միջազգային գիտական ծրագիրներու հայ գիտնականներու աշխուժ մասնակցութիւնը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան կարելիութեան սահմաններուն մէջ համակողմանիօրէն կը խթանէ գիտութեան զարգացումը եւ կը խրախուսէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ գիտելիքահենք ճիւղերու զարգացումը:

Վիքթոր Մաթվէեւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնած է  գիտաժողովը Հայաստանի մէջ բարձր մակարդակով հիւրընկալելու համար, անդրադարձած հիմնարկի գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստան հիմնարկին անդամակցելէ ի վեր` անցած 25 տարիներուն բաւական աշխուժ կերպով մասնակցած է հիմնարկի գործունէութեան:

Նախորդը

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցումով

Յաջորդը

Մոտրիչ Մինչեւ 2020` Ռէալ Մատրիտի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.