Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Կը Հրապարակէ Ղարաբաղի Հարցով ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովին Յայտարարութիւնը

October 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerevan_101816

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին եւ Դիմատետրի էջին վրայ, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը իր Դիմատետրի էջին վրայ 18 հոկտեմբերին հայերէնով եւ ռուսերէնով հրապարակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն 14 հոկտեմբերի յայտարարութիւնը:

Անոր մէջ նշուած է. «Աջակցութիւն կը յայտնենք 16 մայիսին Վիեննայի եւ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն` տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման կանխարգիլման, իրադրութեան կայունացման եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթի յառաջ մղման համար պայմաններու ստեղծման վերաբերող:

«Հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը` աջակցութիւն կը յայտնենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն` ուղղուած տագնապի լուծման` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի դրոյթներու, մասնաւորաբար` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ»:

Յայտնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կայացած ՀԱՊԿ վեհաժողովի ժամանակ, հակառակ անոր որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հաւանութիւն տուած էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ պետութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան գրութեան, բայց եւ այնպէս Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսած է, թէ տուեալ հարցով յայտարարութիւն երեւանեան վեհաժողովը պիտի չընդունի:

Ղարաբաղի հարցով յայտարարութեան բովանդակութիւնը չհրապարակուեցաւ նաեւ նոյն օրը վեհաժողովի աւարտին: Ամփոփելով ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքները` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին անդրադարձի մասով, ըստ էութեան, շարադրեց վերոյիշեալ յայտարարութեան դրոյթները:

 

Նախորդը

Արցախի Հարցով Փաքիստան Կը Զօրակցի Ազրպէյճանին

Յաջորդը

«ՀՅԴ – ՀՀԿ Յուշագիրին Գրեթէ Բոլոր Դրոյթները Կ՛արտացոլան Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.