
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամ, ինչպէս նաեւ 93 երեսփոխաններ, որոնք միաձայնութեամբ վերընտրեցին խորհրդարանի դիւանն ու յանձնախումբերը` որոշ փոփոխութիւններով:
Նախքան նիստին գումարումը, Պըրրի իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ:
Խորհրդարանի նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին երեսփոխաններ Ալի Իտի, Ֆուատ Պութրոսի, Ալի Մատիի, Ապտօ Պըժժանիի, Օկիւսթ Պախոսի, Նուհատ Սուէյտի, Մոհամետ Պըրժաուիի եւ Իպրահիմ Պայանի մահուան յիշատակը:
Ապա կարդացուեցաւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատելի հրաժարականը եւ ընդունուեցաւ:
Նշենք, որ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն պարագային ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդամ է արտաքին հարցերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու, ինչպէս նաեւ ազգային տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբերուն:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին գոյացած օրինաթիւը նկատի ունենալով` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա ըստ կարգի առաջարկեց նիստը վերածել նախագահական ընտրութեան նիստի, ինչ որ մերժուեցաւ Պըրրիի կողմէ, որ ըսաւ. «Այս առաջարկը ըստ կարգի չէ»:
Նիստէն ետք խորհրդարանի վերընտրուած դիւանը գումարեց իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին որոշեց, որ խորհրդարանը իր օրէնսդրական նիստը պիտի գումարէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին` օրակարգի վրայ ունենալով 21 օրինագիծեր:
Այս որոշումը յայտարարեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, որ յայտնեց, թէ ընտրական օրինագիծին առումով կան երկու առաջարկներ, որոնք ներկայացուած են երեսփոխաններ Անթուան Զահրայի եւ Ասեմ Քանսոյի կողմէ:
Մքարի յայտնեց, որ Զահրա վերապահութիւն յայտնած էր օրէնսդրական նիստին առնչութեամբ` նկատի ունենալով, որ ընտրական օրինագիծերու քննարկումը օրակարգի վերջին երկու կէտերն են:
Ան բացատրեց, որ զոյգ օրինագիծերը կրկնակ աճապարանօք օրինագիծեր ըլլալու պատճառով օրակարգի վերջաւորութեան նկատի կ՛առնուին:
Իր կարգին, Զահրա խորհրդարանի դիւանի նիստէն ետք յայտնեց, որ ինք վերապահ է օրէնսդրական նիստին առումով, որովհետեւ ընտրական օրինագիծերը նկատի առնուած են իբրեւ օրակարգի վերջին կէտերը: «Այս իմաստով իւրաքանչիւր պլոք իր կեցուածքը կրնայ ունենալ, իսկ մենք խնդրոյ առարկայ կողմերէն պիտի պահանջենք յանձնառու մնալ իրենց խոստումներուն», ըսաւ ան:


