
Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Խունիորին:
Դաշտին տիրոջ եւ մրցումին հաշիւը 19-րդ վայրկեանին բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի թեկնածու Մաուրօ Գեւգէոզեան:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Գեւգէոզեան 75-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Անոր կազմը այժմ 27 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը:


