Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իրանեան ԻՐՆԱ պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յստակացուցած է պաղեստինեան հարցին առնչութեամբ իրենց կեցուածքը` աւելցնելով, որ այաթոլլա Խամենէի միջազգային եւ գործնական գետնի վրայ յստակ քարտէս մը գծած է պաղեստինեան հարցին մասին:
Ռաատ ընդգծեց, որ Թեհրանի մէջ պաղեստինեան հարցին լուծման վերաբերող խորհրդաժողով մը գումարել կը նշանակէ, թէ Իրան չի կրնար հեռանալ այդ հարցէն:
Ռաատ նաեւ շեշտեց, որ իրենց համար մերժելի է որեւէ ծրագիր, որ կը միտի Պաղեստինի բաժանման:


