Համաժողովրդային Յարգանք
Եդ. Պոյաճեանի

Վերջալոյսի շողերուն մէջ, լերան լանջին, Պեքաայի դաշտին անսահման տարածութեան առջեւ, հայ ժողովուրդը, քաղաքէն ու գիւղէն եկած յոգնախառն բազմութիւն մը թաղեց իր բանաստեղծ զաւակներէն մէկը:
Հայ եկեղեցւոյ իշխան մը. ալեհեր մտաւորական մը, գրչի եղբայրներ, գաղափարի ընկերներ, պաշտօնակից կրթական մշակներ, սրտի խօսքերով հողին յանձնեցին հայ գիրի ու մշակոյթի իշխան մը:
Ոչ մէկ թաղում եղաւ այնքան վեհաշուք, պարզ ու յուզիչ, յուղարկաւորներու ոչ մէկ բազմութիւն եղաւ այնքան անկեղծօրէն ինքնաբուխ, որքան ա՛յն, որ շաբաթ օր, Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցիէն մինչեւ Այնճար, ինքնաշարժներու անդադրում թափօրով, հետեւեցաւ Եդուարդ Պոյաճեանի վերջին ճամբորդութեան:
Բլրաչափ բարձունքի մը վրայ կանգնած Այնճարի եկեղեցին ոչ մէկ ատեն եղաւ այնքան հիւրընկալ, որքան հայ ժողովուրդի այս արժանաւոր զաւկին, որուն հանդէպ յարգանքը եղաւ համաժողովրդային, սրտառուչ ու խոր:
Եդուարդ Պոյաճեանի թաղումը եղաւ վեհաշուք, բանաստեղծի իր հոգին փոթորկող ապրումներուն հարազատ պատկերով:
Այնճարի եկեղեցիէն մինչեւ գերեզմանատուն, երկար ու քարքարուտ ճամբան կարճ եկաւ բանաստեղծին Եռագոյնով ծածկուած դագաղը ձեռամբարձ տանող ճեպելմուսացի երիտասարդներուն եւ անոնց հետեւող ծեր, երիտասարդ, այր ու կին յուղարկաւորներուն:

Գերեզմանատան մէջ յաջորդաբար խօսք առին ընկեր Նազարէթ Պիտանեան` Այնճարի ժողովուրդին կողմէ, Երուանդ Տեմիրճեան` Ուսուցչական միութեան կողմէ, տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան (Յ. Գեղարդ)` «Բագին»-ի խմբագրութեան, Մուշեղ Իշխան` Համազգային մշակութային ընկերակցութեան, Զարեհ Որբունի` իբրեւ գրչեղբայր, Վարդգէս Տէր Կարապետեան` ՀՅԴ Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէին, ընկեր Կարօ Սասունի` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին եւ Գարեգին եպս. Սարգիսեան:
Բոլորն ալ վեր առին Եդուարդ Պոյաճեան բանաստեղծին, գրագէտին, կրթական մշակին, դաշնակցականին բարձր արժանիքները, որոնք ի վերուստ տրուած էին հայ գրականութեան այս մեծատաղանդ զաւկին:
Բոլոր դամբանականները պիտի տանք առանձին, մեր յաջորդական թիւերով: Տարազի չեն գար սակայն, խորունկ զգացումով արտայայտուած այն խօսքերը, որ ունեցաւ Կարօ Սասունի, որ Եդուարդի մէջ գրչի ու մտքի հոգեղէն զաւակ մը թաղեց, անմահներու տոմարին մէջ արձանագրեց զայն, գալիք սերունդներուն փոխանցելով անոր սիրտն ու գրիչը: Խոստացաւ չմոռնալ Եդուարդը օտար այս ափերուն վրայ եւ անոր աճիւնները օր մը փոխադրել ազատ հայրենիք, ուր այսօր իր դագաղը ծածկող եռագոյն դրօշը, իբրեւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի, պիտի խոնարհի ի յարգանս բանաստեղծին:
Օրը մթնցած էր արդէն, երբ ժողովուրդը բաժնուեցաւ Եդուարդէն, միաբերան երգելէ ետք «Վէրքերով լի, ջան ֆետայի»-ն: Եւ հոն, կիսամութին մէջ մնաց հողակոյտ մը, ծածկուած իր հարազատներուն եւ Այնճարի ժողովուրդին կողմէ ղրկուած ծաղիկներով:
Մարզական
ՀՄԸՄ Տիրացաւ «Հապիպ Ապի Շահլա»
Բաժակին` Յաղթելով Նըժմէի 2-0
ՀՄԸՄ-ի սքանչելի ֆութպոլիստները արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը, երէկ, «Հապիպ Ապի Շահլա» բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Նըժմէն 2-0 արդիւնքով եւ տիրանալով տրամադրուած բաժակին:
Աւելի քան հինգ հազար հոգի դաշտ եկած էին դիտելու համար ՀՄԸՄ-ի վերանորոգուած խումբը, որ թոյլ կիսախաղէ մը ետք, երկրորդ կիսախաղին, գրեթէ անզսպելի դարձած, ծունկի բերաւ յաւակնոտ հակառակորդը, որ միայն քառասունհինգ վայրկեան տոկաց ՀՄԸՄ-ի դէմ:
Մազրաա-Սաֆա մրցումէն ետք, որ վերջացաւ Մազրաայի յաղթանակով` 3-0, ժամը 3:00-ին դաշտ իջան ՀՄԸՄ եւ Նըժմէ: ՀՄԸՄ-ի խումբը կազմուած էր հետեւեալ ձեւով. բերդապահ` Գէորգ, յետսապահներ` Հմայեակ, Հրայր, Գէորգ, Յովհաննէս, միջնապահներ` մեծ եւ փոքր Աբոներ. յառաջապահ` Ճորճիկ, Ռաղեպ, Լեւոն, Վարուժան: Խաղի առաջին իսկ վայրկեանին Նըժմէի խաղացողները անցան զօրաւոր յարձակումի` անակնկալի բերելով ՀՄԸՄ-ի տղաքը: Աւելի արագ, աւելի աշխուժ` Նըժմէի խաղացողները ջանացին օգտուիլ ՀՄԸՄ-ի խումբին աւելի թոյլ խաղէն: Այսպէս` ամբողջ 45 վայրկեան: Բայց երկրորդ կիսախաղը եղաւ Նըժմէի վերջնական փլուզումը: ՀՄԸՄ-ի տղաքը անվերջ արագացուցին խաղը եւ դարձան աւելի յարձակունակ` անվերջ նեղելով հակառակորդին բերդը: Նըժմէ, ամփոփուած ինքն իր մէջ, գերմարդկային ճիգեր կը թափէր պաշտպանելու իր բերդը: ՀՄԸՄ-ի խումբին մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը պատճառ եղաւ, որ խաղին բնոյթը փոխուի: Ճորճիկ ձախ-մէջ սկսաւ խաղալ, իսկ Ռաղեպ գրաւեց Ճորճիկին տեղը` ձախ-դուրս: Այս վայրկեանին մեծ Աբոյէն ստացած անփրոփոնտէօր մէկ գնդակը զօրաւոր հարուածով Ճորճիկ տեղաւորեց հակառակորդին բերդին մէջ: ՀՄԸՄ-ի յառաջապահ գիծը այլեւս անզսպելի դարձած անվերջ հարուածեց հակառակորդ բերդը: Կրկին Ճորճիկ, Լեւոնէն ստացած գնդակը ուժեղ հարուածեց` նշանակելով երկրորդը կէտը: Խաղի վերջին վայրկեաններուն Նըժմէ ուզեց պատիւը փրկել, բայց իրաւարար Միթրի Ատըմ սուլեց խաղի վերջաւորութիւնը:
Յաղթական խումբին բաժակը յանձնեց Լիբանանի ֆութպոլի աստղերէն Լապիպ Մաժտալանի, որ գովասանքով խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի խաղարկութեան մասին:
Երկու տարուան անկումէ մը ետք, վերջապէս ՀՄԸՄ-ի խումբը հասած է իր անունին վայել դիրքի մը, որուն համար մեծապէս շնորհաւորելի է: ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւապէս կատարեցին եղանակի բացումը` երեք խաղի ընթացքին նշանակելով 10 կէտ, փոխարէն ընդունելով միայն երկու կէտ: Մեր մաղթանքն է, որ խումբը շարունակէ իր յաղթանակներուն շարքը` բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի անունը:
