Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 3, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը սկսած է նախապատրաստել դէպի Իրաք կատարելիք իր հովուապետական այցելութիւնը: Հակառակ Ռայի պատրիարքին տրուած այն խորհուրդներուն, թէ այդ այցելութիւնը պէտք է յետաձգել` ապահովական պատճառներով, Ռայի պատրիարքը կը պատրաստուի յառաջիկայ նոյեմբերին Իրաք այցելել` Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցւոյ պայթումին Ա. տարելիցին առիթով:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միքաթի յառաջիկայ շաբաթ գումարուելիք կառավարութեան նիստէն ետք Դամասկոս պիտի չայցելէ: Նոյն աղբիւրները հերքեցին նաեւ այն տեղեկութիւնները, թէ Միքաթի այցելած է Ուաշինկթըն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ տրուած է յստակ որոշում մը, որ եթէ Թուրքիա զինուորական առումով մէկ թիզ դէպի Սուրիա ներթափանցէ, ապա թրքական քաղաքներուն վրայ հարիւր հազարաւոր ռումբեր պիտի տեղան, իսկ եթէ ՕԹԱՆ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներ գործէ, ապա բռնագրաւեալ Պաղեստինը պիտի ռմբակոծուի:

«ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շատ աւելի հզօր է, քան որեւէ այլ կուսակցութիւն», ըսաւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական արդի օրէնք մը, որ երկրին քաղաքական համախոհութիւնը ամրապնդէ:

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Դամասկոս իրազեկ է Լիբանանի վրայ բանեցուող հսկայական ճնշումներուն մասին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ դէմ ոչ մէկ պատժամիջոց պիտի որդեգրուի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահին նշանակումը կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի պատրիարքը այս կամ այն քաղաքական ուժին պատրիարքը չէ: Ան նշեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութեան սպառնացող հարցերով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւնը Պքերքէի սկզբունքներուն չի հակադրուիր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու թղթածրարը կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկել` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ անպայման կարելի պիտի ըլլայ որոշ լուծումի մը յանգիլ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկչական որոշ կողմեր ականած են շարք մը ինքնաշարժներ` լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ պայթումներ գործելու նպատակով: Ըստ նոյն աղբիւրին, ինքնաշարժ մըն ալ ականուած է` թիրախ դարձնելու համար ՄԱԿ-ի կեդրոնը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ նախարարութիւնը բաւարար պիւտճէ եւ մարդուժ չունի իր առաքելութիւնը կատարելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ վերջնականապէս մեկնեցաւ Լիբանանէն` աւարտելէ ետք իր դիւանագիտական առաքելութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքները կառավարութիւնը պարտաւորութեան տակ չեն դներ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հարիրի կը գտնուի Ռիատի մէջ եւ իրեն համար Փարիզի մէջ ոչ մէկ հանդիպում նախատեսուած է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժեր շարք մը հարցերու մէջ տարակարծիք են` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է համաձայնին երկրին ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու շուրջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման ընդդիմացողը պէտք է հրաժարի կառավարութենէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կարգ մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ` իմանալու համար լիբանանեան ազգային երկխօսութիւն կայացնելու կարելիութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջեւ հանդիպումին իբրեւ արդիւնք Լիբանանի եւ Ամերիկայի կառավարութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ձիւնհալ տեղի ունեցած է:

 

Նախորդը

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԵՐԱՄԻԱՑՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ԾՐԱԳՐՈՂ 4 ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ

Յաջորդը

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.