Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ

October 3, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «սուրիական վարչակազմը շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումները ճիշդ ձեւով չհասկցաւ»: Ան յայտնեց, որ ինք սուրիական վարչակազմին նկատմամբ վստահութիւն չունի, սակայն վերահաստատեց, որ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի:

Կիւլ անդրադառնալով շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն յայտնեց, որ «Արաբական գարունը 1948-ի յեղափոխութեանց կը նմանի եւ անխուսափելի դարձած է»` շեշտելով, որ «շրջանին մէջ խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ, եթէ Իսրայէլ իր բռնագրաւած հողերէն չհեռանայ»:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները տարիներով ճնշումի, աղքատութեան եւ վախի մթնոլորտին մէջ ապրեցան, սակայն «ժողովուրդը իր կամքը արտայայտեց եւ մեր երկիրը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն զօրավիգ կանգնեցաւ»:

Կիւլ իր զօրակցութիւնը յայտնեց իրենց պետութիւնը հաստատելու եւ անոր ճանաչումը ապահովելու պաղեստինցիներու ջանքերուն` հաստատելով, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնը իր նախկին վիճակին չի կրնար վերադառնալ, այնքան ատեն, որ անիկա Թուրքիոյ պահանջները չի բաւարարեր, իսկ շրջանի ընթացքը ի վնաս Իսրայէլի կը զարգանայ:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անգարա կրնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իր մօտ գտնուող 500 միլիոն տոլարի պահեստները սառեցնել: Օրաթերթը նշեց, որ Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարութիւնը յատուկ յանձնախումբի մը յանձնարարած է բացայայտել Ասատի` Թուրքիոյ մէջ գտնուող դրամատնային պահեստները, որպէսզի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման պարագային կարելի ըլլայ զանոնք սառեցնել:

«Միլլիյէթ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Նիտալ Շաար յայտնեց, որ Սուրիա կրնայ վերատեսութեան ենթարկել Անգարայի հետ իր կնքած առեւտրական համաձայնութիւնները` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնները ի շահ Թուրքիոյ են: Արդարեւ, Շաար սուրիական «Սաուրա» օրաթերթին նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի համեմատութիւնը ի նպաստ Թուրքիոյ է: «Այս համեմատութիւնը բացարձակապէս անարդար է, որովհետեւ Սուրիա Թուրքիայէն իր ներածածին միայն մէկ երրորդը Թուրքիա կ՛արտածէ, որուն պատճառով ալ Թուրքիա Սուրիայէն աւելի դրական կացութիւն մը կը վայելէ», ըսաւ ան: Շաար աւելցուց, որ Սուրիա բոլոր երկիրներուն հետ իր առեւտուրի համաձայնութիւնները վերատեսութեան պիտի ենթարկէ:

Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմութեան բանբեր Պուրհան Ղալիուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Անգարայի մէջ կազմուած Սուրիոյ ազգային խորհուրդը, որ ի մի կը խմբէ ընդդիմութեան բոլոր հատուածները, կը մերժէ արտաքին որեւէ միջամտութիւն, որ ազգային գերիշխանութիւնը կ՛ոտնահարէ:

 

 

 

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ԹԻԿՈՒՆՔԷՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ» Կ՛ԸՍԷ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ՇԻՐԱԶԻ

Յաջորդը

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԵՐԱՄԻԱՑՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ԾՐԱԳՐՈՂ 4 ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.