
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Անթոնիօ Կութիերեսին` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար նշանակուելուն առիթով:
«Այս նշանակումը կը կատարուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ աշխարհը կը վկայէ արտակարգ զարգացումներ եւ պայմաններ, իսկ միջազգային յարաբերութիւնները կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու դիմաց», նշեց Ժոմպլաթ:
Ան վստահութիւն յայտնեց Կութիերեսի քաղաքական փորձառութեան նկատմամբ` մաղթելով, որ ՄԱԿ յաջողի մարդասիրական իր դերակատարութիւնը աւելի լաւ կերպով իրագործել` մերժելով երկու չափ երկու կշիռի սկզբունքը, յատկապէս` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման առումով:
«Կը մաղթեմ, որ Կութիերես կառչած մնայ ընկերվարական սկզբունքներուն` ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումին նպատակով», եզրափակեց Ժոմպլաթ:


