
«Թրանսֆըրմարքեթ»-ի տուեալներուն համաձայն, Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանը ամերիկեան Ռէալ Սոլթ Լէյք խումբին փոխանցելու համար ռուսական ակումբը ստացաւ շուրջ 3 միլիոն եւրօ:
29 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ այս շաբաթ փոխ տրուած էր Սոլթ Լէյքի: Սակայն ան մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով` անոր փոխանցման համար Սպարտակ ստացաւ այդ գումարը:
Մարտ 2013-ին Սպարտակին միացած Մովսիսեան, 66 մրցումի ընթացքին նշանակեց 27 կոլ: Իսկ «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ան 27 մրցումի ընթացքին նշանակեց 9 կոլ, կը յայտնէ News.am-Sport կայքը:


