Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Անդամները Հանդիպած Են Վարչապետին Հետ

October 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ara_101316

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 11 հոկտեմբերին ընդունած է Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն»  խմբակցութեան անդամները` խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգի մշակման հետ կապուած հարցեր:

Վարչապետ Ա. Յարութիւնեան ներկայացուցած է հայեցակարգի ընդհանուր սկզբունքները` մանրամասնելով առանձին ճիւղերու  վերաբերեալ կառավարութեան մօտեցումները եւ շեշտադրելով, որ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններն ու քննարկումները տակաւին  ընթացքի մէջ են: Ան իր խօսքին մէջ ըսած է.

«Կը կարծեմ, որ ես բաւարար քաղաքական ու գործարար փորձառութիւն ունիմ նախաձեռնելու գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգի մշակումին, որ պիտի սահմանէ եւ ձեւաւորէ Արցախի գիւղատնտեսութեան յառաջիկայ տարիներու զարգացման հիմնական սկզբունքներն ու հաստատութիւնները: Անոր շնորհիւ ի վիճակի պիտի ըլլանք երաշխաւորելու այս մարզին աշխուժ զարգացումը` յենուած մասնագիտական խոր գիտելիքներու եւ արդի արհեստագիտութիւններու աշխուժ կիրարկման վրայ: Հայեցակարգի արդիւնաւէտութիւնը  ապահովելու համար անհրաժեշտ են ե՛ւ մասնագիտական, ե՛ւ հանրային քննարկումներ սկզբնական փուլին, իսկ յետոյ` հանրային լայն աջակցութիւն անոր իրագործման ճամբուն վրայ»:

Խմբակցութեան անդամները ներկայացուցած են առանձին ճիւղերու զարգացման  վերաբերեալ իրենց տեսակէտները եւ հայեցակարգի մշակման հարցին մէջ կառավարութեան եւ համապատասխան մասնագէտներու հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:

Հանդիպումին ընթացքին պատգամաւորները կարգ մը այլ հարցումներ եւ  առաջարկներ ուղղած են գործադիր մարմինի ղեկավարին եւ ստացած են  համապատասխան պարզաբանումներ:

 

Նախորդը

Ուշաքով. «Մոսկուան Մեծ Լաւատեսութիւն Չունի Մօտիկ Ապագային Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ»

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Կը Կազմէ Կամաւորականներու Պահեստային Գումարտակ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.