Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Անորոշութեան Ենթակայ

October 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_wael_khalil_101016

Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը կեանքի կոչելու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն մասին վերջին քանի մը օրերուն ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուեցաւ:

Սակայն նախագահական ընտրութեան առումով քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն յայտարարութիւնները շարունակուեցան` առանց որեւէ շօշափելի զարգացումի:

Նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը շեշտող կեցուածքներուն վրայ այսօր կ՛աւելնայ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառը, որուն բովանդակութիւնը կը նախատեսուի ըլլալ քաղաքական` լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերող:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Պըրրիի եւ Ապու Ֆաուրի հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Նշենք, որ Ռիատ կատարած իր միօրեայ այցելութենէն ետք Ապու Ֆաուր երէկ վերադարձած էր Լիբանան:

Նախագահական ընտրութեան առընթեր, լիբանանեան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն նախապատրաստութեան շրջագիծին մէջ, Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին:

Շուրջ երկու ժամ տեւած ժողովէն ետք, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին տիրած է փոխըմբռնումի մթնոլորտ` աւելցնելով, որ խորհրդարանը իր երկրորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2016-ին, որ կը զուգադիպի խորհրդարանի դիւանի եւ յանձնախումբերու ընտրութեան լիագումար նիստի օրուան:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Արսալի Երկրագործներուն Խոստացաւ Հետապնդել Անոնց Արդար Պահանջները

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Շիրակի Մարզպետին Նկատմամբ Քննութիւն Բացած Է

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.