Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

October 3, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

«Թասս»ի Դամասկոսի թղթակիցը Հայաստանի պարախումբի առաջին ներկայացման առթիւ, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 10-ին Դամասկոսի 8-րդ միջազգային տօնավաճառին առթիւ, կը գրէ.

Դամասկոսի ամառնային թատրոնի բեմին վրայ ամէն օր ցերեկոյթներ կու տան անգլիացի, լիբանանցի, արաբ, սպանացի եւ Խորհրդային Միութեան արուեստագէտները, որոնք եկած են իրենց արուեստը ցոյց տալու Դամասկոսի 8-րդ միջազգային ցուցահանդէսի այցելուներուն: Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական պարախումբին առաջին համերգը: Համերգը անցաւ փայլուն յաջողութեամբ: Թատրոնին երկու հազար աթոռով սրահը լեփ-լեցուն էր: Դամասկոսի ամառնային թատրոնը, որուն բեմին վրայ հանդէս եկած են զանազան երկիրներու արուեստագէտներ, դեռ երբեք ականատես չէր եղած հանդիսատեսներու այդպիսի բուռն եւ ջերմ վերաբերումի մը: Գրեթէ բոլոր պարերը կը դիմաւորուէին որոտընդոստ ծափահարութիւններով:

«Հովիւներուն պարը», «Ռուսական ժողովրդական պարը» եւ «Ձիաւորներու պարը» ներկաներուն պահանջով կրկնուեցան քանի մը անգամ: Մեծ յաջողութիւն արձանագրեց Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի մեներգիչ Յովհաննէս Բադալեան, որ կատարեց հայկական ժողովրդական քանի մը երգեր, ինչպէս նաեւ երգեր` արաբերէնով:

Իլիա Մինասեան նուագեց սրինգի վրայ, քանի մը մեղեդիներ:

Միջնարարին հանդիսականներէն շատերը փորձեցին բեմ բարձրանալ եւ յայտնել իրենց հիացումը:

 

ՀԱՅ ԱՐԻՆԵՐԸ ԼԻԶՊՈՆԻ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ

Սեպտեմբեր 19-ին սկսաւ սկաուտական միջազգային համաժողովը Լիզպոնի մէջ: Ամէն երկու տարին անգամ մը 76 ազգերու ներկայացուցիչներ կը համախմբուին եւ շաբթուան մը ընթացքին կը զբաղին միջազգային սկաուտական հարցերով: Այս տարի կը մասնակցէին 56 ազգերու ներկայացուցիչները, որոնց մէջ կը նշմարուէին նաեւ անկախութիւն ստացած նոր ազգերու ներկայացուցիչները:

Հայ արիներու միութեան կողմէ կը մասնակցէին բժ. Գուրգէն Մեծատուրեան եւ Սերոբ Գայիլեան: 1929-էն ի վեր Հայ արիներու միութիւնը կանոնաւոր կերպով մասնակցած է այս համաժողովներուն` հայ սկաուտական շարժումին իբրեւ ներկայացուցիչ:

Փորթուգալի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական ընդունելութիւն մը տուաւ ի պատիւ պատուիրակներուն, ինչպէս նաեւ` արտաքին գործոց նախարարը, որ հիւրասիրեց պատուիրակները նախարարութեան դահլիճին մէջ: Շատ սիրալիր ընդունուեցաւ հայ արիներու պատուիրակութիւնը, յիշեց անոնց մասնակցութիւնը 1950-ի հաւաքոյթին, որ նոյնպէս Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցաւ: Սկաուտական միջազգային շարժումը օրըստօրէ կ՛ընդարձակուի թիւով եւ որակով, եւ համաժողովին վրայ նոր գործունէութեան պարտականութիւններ կ՛աւելնան. ընդհանուր պիւտճէի մը հիմնարկութիւնը, միջազգային մասնաւոր կոմիտէներու ընտրութիւն, ազգային գործունէութեան յայտագիր, թեքնիք հարցեր եւ այլն:

Հայ արիներու պատուիրակները, ինչպէս նախորդ համաժողովներու ընթացքին, մասնակցեցան զանազան յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ` կարեւոր հարցերու քննութեան, միշտ վայելելով համակրութիւն, այսպէս ճանչցնելով նաեւ սկաուտութիւնը աշխարհիս զանազան մասերէն եկող պատուիրակութեանց:

 

254 ՏԱՍՆՄԷԿԱՄԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Նոր ուսումնական տարուան ընթացքին բացուած են 254 տասնմէկամեայ դպրոցներ` քսան հազար աշակերտներով: Կայուն գիտելիքներու հետ, ուսումնական այդ հաստատութիւնները աշակերտներուն պիտի օգնեն տիրապետելու համար մասնագիտութիւններու եւ զարգացնելու համար աշխատանքի իրենց վարժութիւնները:

Այս դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին քառասուն արհեստներ: Ամէն մէկ դպրոցի մէջ նախատեսուած է դասաւանդել երկուքէն չորս մասնագիտութիւն:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄՆԵՐ. ՀՈԼԱՆՏԱՑԻՔ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԵՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ` ԹԵՐԱՀԱՒԱՏ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.