Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Կը Հաւատամ` Այս Կառավարութիւնը Կրնայ Ընել Այն, Ինչ Որ Չեն Յաջողած Ընել Բոլոր Նախկինները»

October 7, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garabedian-sargsyan_10616

Նոր կազմուած կառավարութեան առաջին նիստէն առաջ վարչապետին եւ նոր նշանակուած նախարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ ակնյայտ է, թէ կառավարութեան առաջին խնդիրը կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է:

«Ե՛ւ աշխարհի, ե՛ւ մեր շրջանի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ մարտահրաւէրներու  պակաս չկայ: Ակնյայտ է, որ շատ աւելի դիւրին է զարգանալ, շատ աւելի դիւրին է հասնիլ բարձր տնտեսական արդիւնքներու, երբ շուրջդ խաղաղ է, երբ քու դրացի ու գործընկեր երկիրները ունենան տնտեսական աճ: Եւ շատ աւելի բարդ է, երբ կան արտաքին բացասական ազդակներ, բայց դուն պարտաւոր ես կատարել առաւելագոյնը եւ ունենալ զարգացում», ըսած է նախագահը` շարունակելով. «Մեզի, վստահաբար, անհրաժեշտ է շարունակել ըլլալ մրցունակ եւ հետեւողականօրէն բարձրացնել մեր տնտեսութեան արդիւնաւէտութիւնը: Իմ համոզումս է, եւ աշխարհի փորձը այդ մասին կը վկայէ, որ կարելի է եւ պէտք է աւելի լաւ, աւելի տրամաբանական կառավարել համեստ միջոցները եւ հասնիլ անհամեմատ աւելի լաւ արդիւնքներու: Կը կարծեմ` մեր հասարակութիւնն ալ նոյն ակնկալիքները ունի»:

Նախագահը դիտել տուած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան եւ ընդհանրապէս հասարակութեան ներուժը աւելի կազմակերպուած եւ նպատակային աշխատանքի մէջ է` աւելցնելով, որ սահմանադրական բարեփոխումներով Հայաստանի մէջ տէ ֆաքթօ ընթացք առած են համակարգային փոփոխութիւնները: «Այս տեսանկիւնէն ներկայ կառավարութիւնը լրջագոյն դերակատարութիւն կը ստանձնէ. այն է` դառնալ այս փոփոխութիւններուն շարժիչ ուժն ու իրականացնողը: Կառավարման կիսանախագահական համակարգէն անցումը խորհրդարանական կառավարման, կը փոխէ ոչ միայն երկրին կառավարման ձեւը, այլեւ նախ եւ առաջ հաւաքական մտածողութեան եւ հաւաքական վերաբերմունքի փոփոխութեան հարց կը լուծէ», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:

«Թերեւս, մարդիկ ամբողջովին չեն ալ պատկերացներ, թէ ի՛նչ տարողութեամբ փոխուած է մեր իրականութիւնը սահմանադրական բարեփոխումներու եւ նոր կառավարման ձեւի անցման հանգամանքով: Ձեզի վիճակուած է դառնալ այս անցումային ժամանակաշրջանի առաջնորդը, եւ ես կը հաւատամ ձեր ուժերուն, կը հաւատամ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան այս կառավարութիւնը կրնայ ընել այն, ինչ որ չեն յաջողած ընել նախկին բոլոր կառավարութիւնները», ըսած է նախագահը` վստահեցնելով. «Վստահաբար, այս աշխատանքին մէջ դուք մինակ պիտի չըլլաք, ներդաշնակօրէն պիտի գործեն մեր երկրին բոլոր պետական օղակները: Ես ատիկա կը խոստանամ: Ձեզի պիտի սատարեն, պիտի աջակցին, ձեզի պիտի ոգեւորեն, պիտի քալենք նոյն ուղղութեամբ, բայց ինչպէս ըսի` շարժիչ ուժը պէտք է ըլլայ կառավարութիւնը, շինարարը պէտք է ըլլայ կառավարութիւնը»:

Նախագահին համաձայն, այս նոր կառավարութեան յաջողութեամբ պայմանաւորուած են այն ակնկալութիւնները, զորս այսօր ունի մեր ժողովուրդը: Ուրեմն, պէտք է լիարժէքօրէն լծուիլ աշխատանքի: «Իմ յորդորն է` նուիրուի՛լ անմնացորդ: Աշխատանքային յարաբերութիւններուն մէջ շատ դժուարութիւններ կրնան ըլլալ, բայց եղէ՛ք ամուր, հաստատակամ, ինչպէս եւ պայմանաւորուած ենք, նեղանալ եւ սրտնեղիլ չկայ: Բոլորս պէտք է հասկնանք, երբ մենք կ՛անցնինք պետական ծառայութեան, ապա միշտ անձնականը պէտք է մղուի երկրորդ, աւելի ճիշդ` երկրորդական գիծ», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:

Ան կառավարութեան յորդորած է ըլլալ միասնական` նշելով, որ վարչապետը սոսկ ղեկավարը չէ կառավարութեան, այլ առաջնորդը. «Մենք, իսկապէս, շատ բան ունինք ընելիք եւ այդ ճամբուն վրայ պիտի ըլլանք հաստատակամ: Մենք պէտք է միայն յառաջ ընթանանք: Հարցերու, խնդիրներու ժամանակ մի՛ փորձէք անոնց արմատները տեսնել անցեալին մէջ: Ատիկա ամէնէն դիւրինն է: Միշտ պէտք է գտնել յառաջ ընթանալու ուղիները: Այս է միայն յաղթանակի բանաձեւը, եւ ես վստահ եմ, որ մեր միասնական աշխատանքը յաջողութիւն պիտի բերէ», կառավարութեան անդամներուն ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին վստահութեան ու պարտաւորեցնող խօսքերուն համար` հաստատելով, որ կառավարութիւնը իր ամէնօրեայ աշխատանքով ազդակ պիտի հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին` անոր սպասումներն ու ակնկալիքները բաւարարելու ուղղութեամբ ընթանալու վերաբերեալ:

Վարչապետը նշած է, որ յառաջիկայ օրերուն ներկայացուելիք կառավարութեան ծրագիրին մէջ պիտի նշուին այն քայլերն ու նախաձեռնութիւնները, որոնց առանցքը Հայաստանի քաղաքացիին անվտանգ եւ ապահով զգալու, արդար միջավայրի մէջ ապրելու, ապագայի նկատմամբ հաւատք ունենալու կարելիութեան ու պայմաններու ապահովումն է:

Կարապետեան հաստատած է, որ կառավարութիւնը իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին պիտի աշխատի հասարակութեան հետ առաւելագոյն յետադարձ կապով եւ պարբերաբար պիտի բացատրէ, թէ ի՛նչ աշխատանք կը տանի, ի՛նչ նպատակով, որմէ ետք պիտի լսէ հասարակութեան ակնկալութիւններն ու խորհուրդները:

Նախորդը

Սուրիկ Խաչատրեանի Փոխարէն Սիւնիքի Մարզպետ Նշանակուեցաւ Վահէ Յակոբեան

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Կ՛որոշէ Բաժնուիլ Քէյլոր Նաւասէն

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.