Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտըսթակի Փոխնախագահ Զինկհամմեր. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Պունտըսթակի Որոշումը Վերջնական Է Եւ Անփոփոխ»

October 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

singhammer_10416

Պունտըսթակի փոխնախագահ Եոհաննէս Զինկհամմերի համոզումով` Պունտըսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի որդեգրումը ճիշդ որոշում էր:

Ան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Այո՛, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ մենք որոշեցինք առաջադրել ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը եւ շատ երկար քննարկումներէ ետք զայն ընդունեցինք: Ըստ իս, ատիկա քայլ մըն էր դէպի ճշմարտութիւն, իսկ ճշմարտութիւնն ալ մէկ քայլ առջեւ` դէպի խաղաղութիւն, այսինքն` ասիկա խաղաղութեան հասնելու միտուած քայլ էր: Արդէն շուրջ 100 տարի անցած է. կը կարծեմ` արդէն ժամանակն էր ատիկա ընելու: Մենք պիտի կարենանք երթալ դէպի ապագայ, եթէ յիշենք անցեալը: Ատիկա անհրաժեշտութիւն է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը կարծէ բանաձեւի որդեգրման վերաբերեալ Թուրքիոյ արձագանգին մասին, յատկապէս վերջին զարգացումներէն ետք, երբ Թուրքիա Գերմանիայէն պահանջած էր յետքայլ կատարել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտըսթակի բանաձեւէն, Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը պատասխանած է. «Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ տուած մեր որոշումը վերջնական է, եւ մենք պիտի չփոխենք զայն»:

Միւս կողմէ, երեքշաբթի օր Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայան այցելած Պունտըսթակի պաշտպանութեան յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներէն երեսփոխան Քարլ Լամերս ռազմակայան այցելելէ առաջ գերմանական «Ցայթ Անլայն» պարբերականին հետ զրոյցի մը ընթացքին վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ իր դիրքորոշումը` աւելցնելով, որ այդ բանաձեւը չունի պարտադիր բնոյթ:

«Դաշնակցային խորհրդարանը իրաւունք ունի իր տեսակէտները յայտնել բոլոր կարեւոր հարցերուն մէջ: Մենք ատիկա կատարած ենք եւ ատոր թիկունք կանգնած ենք», ըսած է Լամերս` ընդգծելով, որ երեսփոխաններուն Ինճիրլիք ռազմակայան այցելութիւնը կարեւոր է երկու կողմերու յարաբերութիւններու կարգաւորման տեսանկիւնէն:

 

 

Նախորդը

«Բանակաշինութենէն Կ՛անցնինք Ազգ-Բանակ Տեսլականին» Ըսաւ Նախարար Վիգէն Սարգսեան

Յաջորդը

Պունտըսթակի Պատուիրակութիւնը Թուրքիոյ Մէջ Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Խնդիրին

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.