Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդի Յանձնախումբը Դատապարտած Է Էրտողանի Հայատեաց Յայտարարութիւնը

October 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ecri_10416Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական, սեռային եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ ատելութեան խօսքին եւ բռնութեան աճին առնչութեամբ:

Յանձնախումբը մասնաւորաբար յիշեցնելով հայերուն դէմ Էրտողանի կատարած ոչ պատշաճ արտայայտութիւնները, նշած է, որ պետութեան բարձրաստիճան ղեկավարներուն կողմէ ատելութեան խօսքը մտահոգութեան առանձնայատուկ նիւթ է:

Յանձնախումբը անդրադարձած է օգոստոս 2014-ին Էրտողանի կատարած այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան նշած էր. «Անոնք ինծի ըսած են, թէ վրացի եմ… մինչեւ իսկ աւելի վատ բաներ ըսած են: Անոնք զիս անուանած են, ներեցէ՛ք արտայայտութեանս համար, հայ, սակայն ես թուրք եմ»: «Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը խստօրէն կը յորդորէ պաշտօնատարները եւ քաղաքական ղեկավարները դադրեցնել ատելութիւն պարունակող խօսքը: Խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը պէտք է ընդունին օրէնքներ, որոնք կ՛արգիլեն ատելութեան խօսքը», 4 հոկտեմբերին կ՛ըսուի հրապարակուած զեկուցումին մէջ: Յանձնախումբի անդամները նշած են, որ շատ պարագաներու ատելութիւն քարոզող անձեր անպատիժ կը մնան:

Եւրոպական խորհուրդի ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնախումբը ընդգծած է, որ ատելութիւն պարունակող խօսքը լայնօրէն կիրարկուած է հասարակական անձերու եւ մտաւորականներու կողմէ, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն մէջ: Յղում կատարելով «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի տարեկան զեկուցումին` յանձնախումբը նշած է, որ չորս անգամով աւելցած է լրատուութեան մէջ ատելութեան քարոզը:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Նախապայմանի Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Յաջորդը

Հայաստանէն Օժանդակութեան Երկրորդ Օդանաւ Հասած Է Սուրիա

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.