Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՕՐԵՐ ԱՌԱՋ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԻՏԻՆ ԳՈՐԾՈՒՂԵՑԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍ»

October 1, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք երբեք ստիպուած չէ բացատրութիւններ տալու իր կեցուածքներուն առնչութեամբ, յատկապէս անոնց համար, որոնք կասկածամիտ են եւ կասկածներու տագնապներէ կը տառապին:

«Ես երբեք քննութեան կամ արեան քննութեան ենթարկուելու ստիպուած չեմ` ճշդելու համար քաղաքական իմ ընտրանքներս», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ քաղաքական իր կեցուածքները յստակ են` սկսեալ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստերէն հասնելով մինչեւ Տոհայի խորհրդաժողովը:

Ան նկատել տուաւ, որ եգիպտական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր վերջին հարցազրոյցին ընթացքին զէնքի ուժին տակ պարտադրաբար կեցուածքներ ճշդելուն մասին կատարած ակնարկութիւններուն մէջ ինք նկատի ունեցած է 2004-էն 2008 երկարող տարիներն ու այդ ընթացքին տիրած  պայմանները: «Ես երբեք ըսել չէի ուզեր, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը լքած եմ եւ դէպի քաղաքական այլ կողմ անցած` զէնքի ուժին ազդեցութեան տակ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Անդրադառնալով իր առջեւ Դամասկոսի դռներուն փակումին մասին հարցումի մը` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ օրեր առաջ ինք նախարար Ղազի Արիտին գործուղած է Դամասկոս, ուր ան հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ փոխնախագահի օգնական Մոհամետ Նասիֆի հետ:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր այն կեցուածքներուն, թէ սուրիական վարչակազմը պէտք է կիրարկէ բարեկարգչական ծրագիրներ:

ՄԻՒՍ կողմէ, ըստ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այսօր պիտի մեկնի Փարիզ` հանդիպում մը ունենալու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

 

Նախորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

Յաջորդը

«ԱՄԷՆ ԱՄԻՍ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՏՈՒՑԵՄ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԻՔՈԼԱ ՍԱՀՆԱՈՒԻ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.