Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց‚ որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ տոքթ. Ռաշետ պըն Քաշիշ Զահիրիի հետ քննարկեց ճատրակը Էմիրութիւններու կրթական ծրագիրին մէջ ներառելու գաղափարն ու այդ ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւնը:
Հայաստանի մէջ «Դպրոցներու մէջ ճատրակի ուսուցման տեսական ու գործնական հարցերը» խորագիրով խորհրդաժողովի մասնակից պըն Քաշիշ յայտնեց‚ որ կրթական ծրագիրին մէջ ճատրակը ներառելու Հայաստանի փորձառութիւնը կը նկատուի աշխարհի մէջ լաւագոյններէն մէկը‚ որմէ կարելի է օրինակ առնել` նշելով‚ որ ճատրակը կը նպաստէ աշակերտներուն մտային կարողութեանց եւ կրթական համակարգի զարգացման:
Խորհրդաժողովը քննարկած է դպրոցներուն մէջ ճատրակին ունեցած դրական եւ ժխտական ազդեցութիւնները:


