Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՊԱՄԱ ՄԵՐԺԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԷՆ ՏԱՐՐԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼՈՒ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

October 1, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օպամա եւ Սահակաշվիլի

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մերժած է Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի` ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրեր Վրաստանի մէջ տեղակայելու առաջարկը: «Սակայն եթէ ամերիկեան կողմը միտքը փոխէ եւ համաձայնի Սահակաշվիլիի առաջարկին, ապա Վրաստան, ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, դէմ չ՛ըլլար իր տարածքին մէջ տեղակայուած ռատարի տեղեկութիւնները տրամադրելու Իսրայէլի», կը գրէ օրաթերթը:

«Կրուզիա օնլայն» հաղորդած էր, որ Սահակաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստան միայն պիտի ողջունէ, եթէ իր տարածքին մէջ շրջանային հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերէն (որոնք կոչուած են Կեդրոնական Ասիան եւ Միջին Արեւելքը Իրանէն պաշտպանելու) ռատար մը տեղակայուի:

«Կրուզիա օնլայն» յիշեցուցած էր ամիսներ առաջ ամերիկացի ծերակուտականներու կողմէ  Ուաշինկթընին ուղղուած կոչին առնչութեամբ Վրաստանի փոխվարչապետ Կիորկի Պարամիծէի կատարած յայտարարութիւնը: Պարամիծէ անդրադառնալով ծերակուտականներ Ճոն Քիլի եւ Մարք Քըրքի` Ուաշինկթընին ուղղած նամակին յայտնած էր.

«Միացեալ Նահանգները Վրաստանի ռազմավարական գործընկերն են, եւ եթէ այդ հարցը պաշտօնապէս մտցուի օրակարգ, վրացական կողմը զայն պիտի քննարկէ ամենայն լրջութեամբ»:

Նշենք, որ ծերակուտականներ Քիլն ու հայամէտ դիրքորոշմամբ ծանօթ, քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի նախկին համանախագահ Մարք Քըրք նամակով մը դիմած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթային` անոնց կոչ ուղղելով Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային վահանէն տարրեր տեղակայելու հարցին մէջ ծայրայեղ զգուշաւորութիւն ցուցաբերելու:

Նամակին մէջ ծերակուտականները Քլինթընի եւ Փանեթայի ուշադրութիւնը հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիա Իսրայէլի հետ վատ, իսկ Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի, ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղած էին այդ տարրերը Թուրքիոյ տարածքին մէջ տեղակայելու հարցին մէջ Անգարայէն համապատասխան երաշխիքներ պահանջելու: Ըստ անոնց, Անգարա պէտք է երաշխիքներ տայ, որ ռատարի տուեալները պիտի տրամադրուին նաեւ Իսրայէլին:

Քըրք եւ Քիլ իրենց նամակին մէջ նշած են, որ նշեալ ռատարին տեղակայման համար «ամէնէն իտէալական վայրը պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը», եւ կոչ ուղղած` ռատարը տեղակայելու ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ` Վրաստանի մէջ:

 

Նախորդը

«ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻՆ ԴԷՏԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՇՆՈՐՀԵԼԸ ԱՒԵԼԻ ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՉՈՒՐՔԻՆ

Յաջորդը

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՎԵՐԵՒ ԹՌԻ՞ՉՔ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.