
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին շրջանս պատիւը ունեցաւ հիւրընկալելու մեր ժամանակաշրջանի ամէնէն ակնառու հայ քաղաքական գործիչներէն մէկը` Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար կազմէն Կարօ Փայլանը:
Շրջանս պատուով դիմաւորեց այս խիզախ մարդը, որուն կեցուածքը, արտայայտութիւնները, վերաբերմունքը իսկապէ՛ս հիացուցին մեր հասարակութիւնը, որ իր համակրանքը արտայայտեց անոր հանդէպ` խուռներամ ներկայութիւն բերելով անոր բոլոր ելոյթներուն:
Յարգանքի ու ակնածանքի զգացումներուն հետ, Փայլանի ունկնդիրները, գրեթէ բոլո՛րը, տոգորուեցան անհանգստութեամբ մը, զոր նոյնիսկ չենք ուզեր այստեղ բառերով արտայայտել:
Փայլան պիտի վերադառնայ իր աշխատանքին, իր առաքելութեան, եւ մենք կրնանք հաստատօրէն վկայել, որ այս ափերէն հազարաւոր աչքեր պիտի հետեւին իր գործունէութեան եւ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու ճանապարհներ պիտի որոնեն:
Այս շաբաթավերջին շրջանիս հայութիւնը պատիւը պիտի ունենայ վայելելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը: Երիտասարդութեան ու հաւատացեալներու բազմութեան հանդիպելու առիթներ կազմակերպուած են այս առթիւ, Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ:
Վստահ ենք, որ շրջանս յիշատակելի շաբաթավերջ մը պիտի ապրի այս երեք օրերուն եւ ականջալուր պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ճակատագիրով տագնապող, մեր ազգային պահանջատիրութեան ճակատին վրայ դրօշակիրի դեր ստանձնած հոգեւոր պետի պատգամին:
Այս այցելութիւնները նոր ոգեւորութեամբ պիտի լիցքաւորեն մեր համայնքը, որ իր տեղական ու համահայկական պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն գիտակից է եւ պատրաստ է զանոնք յառաջ տանելու` ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ իր բոլոր հնարաւորութիւններուն զօրաշարժով:



