Յաջորդական երկու համոզիչ յաղթանակներէ ետք, ՀՄԸՄ ինկաւ հաւասարութեան ծուղակը:
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի երէկուան մրցակիցն էր Շեպիպեթ Մազրաան, որ յաջորդական երեք պարտութիւններ կրելով, ըստ երեւոյթին վճռած էր… ամէն գնով չպարտուիլ:
Անշուշտ մրցումին արդիւնքը չի ներկայացներ խաղին իսկական պատկերը: ՀՄԸՄ առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին երկվայրկեանը մրցումին ղեկը իր ձեռքին մէջ պահած էր: Ներկայացուցչական խումբի մարզիկները ֆութպոլային բոլոր հնարքները ի գործ դրին կոլ նշանակելու համար, սակայն Շեպիպեթ Մազրաայի մարզիկներու բաւական լաւ կազմակերպուած 90 վայրկեան տեւած պաշտպանողական խաղը (եթէ անշուշտ կարելի է խաղ անուանել ատիկա) արգելք հանդիսացաւ: Նոյնիսկ այն պահերուն, երբ կարելի եղաւ շրջանցել այդ «պատ»-ը, թէ՛ բերդապահը հրաշքներ գործեց, թէ՛ ալ գնդակը… մերժեց մրցակիցին բերդին մէջ մտնել (Ճոնիի մէկ հարուածը ցնցեց բերդին սիւնը):
Թէեւ բոլորին համար պարզ է, որ ժամանակակից ֆութպոլի մէջ այլեւս շատ ալ մեծ նշանակութիւն չունի մրցումին ամբողջ ընթացքին տիրապետելը, սակայն ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի մարզիկները իսկապէս եւ բառին ամբողջական առումով ֆութպոլ խաղացին, մինչ մրցակից կազմը` հակա-ֆութպոլ:
Անսար – Նըժմէ 1-1
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գագաթի մրցումը երէկ գիշեր վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ:


