Կնոջը Հետ Թուղթ Կը Խաղայ

. Բժիշկը իր յաճախորդը քննելու ատեն կը նշմարէ, որ անոր այտերն ու կզակը սեւ են: Բժիշկը կը հարցնէ անոր.
– Պո՞քս կը խաղաս, թէ՞ ֆութպոլ:
Մարդը կ՛ըսէ.
– Ո՜չ, գիշերները կնոջս հետ թուղթ կը խաղանք…
Ձիուն Վրայ Մնալ

. Ձիարշաւի մասնակցած ձիու մը տէրը դժգոհ է արդիւնքէն: Ձիավարին մօտենալով կը հարցնէ.
– Չե՞ս կարծեր, որ աւելի արագ պէտք է սուրայիր:
– Այո՛, բայց գիտէ՞ք, օրէնքով ձիուն վրայ պէտք է մնանք:
Վերջակէ՛տ, Վերջակէ՜տ
. Ֆութպոլի կարեւոր մրցում մը. Ռումանիա-Ռուսիա:
Ռումանիա կը յաղթէ եւ Ռուսիայէն կը ստանայ շնորհաւորական հեռագիր մը.
«Յաղթեցի՛ք:
Վերջակէտ:
Շնորհաւորութիւններ:
Վերջակէտ:
Քարի՛ւղ:
Վերջակէէ՛տ:
Կա՛զ:
Վերջակէէէ՜տ…:
Ժպտա՛, Ժպտա՛…

. Բռնցքամարտիկի մը մարզիչը մրցումէն առաջ անոր կ՛ըսէ.
– Վստահաբար մրցակիցդ, որ քեզմէ շատ ուժեղ է, այսօր պիտի յաղթէ քեզի, բայց առնուազն դուն քամերաներուն նայէ՛ եւ ժպտա՛…:
Ճամբան Երկա՜ ր Է
. Բռնցքամարտիկներ նախքան մրցումը իրար զայրացնելու եւ կորովը տկարացնելու խօսքեր կ՛ըսեն: Աւարտական մրցումը չսկսած, սենեակներու մուտքին բռնցքամարտիկ մը կ՛ըսէ իր մրցակիցին.
– Սենեակներէն մինչեւ ռինկ ճամբան շատ երկար է:
– Մի մտահոգուի՛ր, վերադարձիդ պատգարակի վրայ ետ սենեակ պիտի գաս:


