Սկովտիական Սելթիք ֆութպոլի ակումբը աւելի քան 12 հազար տոլարի տուգանքի ենթարկուեցաւ իր համակիրներուն պատճառով:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ իսրայէլեան Հափոյէլ Պեր Շեւայի դէմ Սկովտիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին Սելթիքի համակիրները զօրակցութիւն յայտնած էին Պաղեստինին:
Հարիւրաւոր համակիրներ թրիպիւնին մէջ ցուցադրեցին Պաղեստինի դրօշներ եւ զօրակցական պաստառներ` իսրայէլեան խումբին եւ անոր համակիրներուն դէմ:
Յիշեցնենք, որ Սելթիք նուաճած է «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խմբակային փուլի տոմսը, իսկ Հափոյէլ Պեր Շեւա կը շարունակէ «Եուրոփա Լիկ»-ին մէջ:


