
«Երբ կը խօսինք սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտի պահպանման մասին, ասիկա չի նշանակեր, թէ կը քննադատենք ոեւէ պատասխանատու, այլ` կը միտինք պահպանել վարչակարգն ու բոլորին իրաւունքները», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում պլոքի ղեկավար, զօր. Միշել Աուն երէկ` ընդգծելով, որ տակաւին յանձնառու կը մնան բոլոր այն կէտերուն, որոնց շուրջ համախոհութիւն կը գոյացնեն լիբանանցիք իրենց օրինական հաստատութիւններուն ճամբով:
Աունի այս յայտարարութիւնը կու գար իբրեւ հակազդեցութիւն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակի այն հաղորդագրութեան, ըստ որուն, «Պըրրիի առաջադրանքները կը ցոլացնեն անոր կառչած մնալը եւ հաստատակամութիւնը` Ազգային երկխօսութեան նիստի օրակարգերուն եւ թիրախ չունի որոշապէս ոեւէ թեկնածու»:
«Վերջերս մամուլին մէջ նշուած մեկնաբանութիւնները մեծ մասամբ բարեմտօրէն հարցերը կը ներկայացնեն իբրեւ անձնական տարակարծութիւն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ որոշ թեկնածուի մը միջեւ», կը նշէր հաղորդագրութիւնը` դիտել տալով, որ Պըրրիի այդ առաջադրանքները «ստիպողական անցք» են քաղաքական կացութեան կայունութեան եւ սահմանադրական կառոյցներու պահպանման համար:


