Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Դո՞ւն Ալ, Բրուտո՛ս

September 30, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

sam-allardyce_92916

Դարեր շարունակ մարդիկ կը հաւատային, որ Բրիտանիա, Մե՜ծն Բրիտանիա, ուր արեւը մայր չէր մտներ, արդարութեան, մարդկային արժէքներու եւ բարոյական սկզբունքներու կրողն ու տարածողն է:

Գաղութարար Մեծն Բրիտանիոյ տիրապետութեան տակ հիւծող ժողովուրդներն իսկ ստրկամտօրէն այդպէս համոզուած էին:

Անշուշտ այդ ժամանակները անցան, երկիրներ ազատագրուեցան, եւ այլեւս Բրիտանիոյ մէջ ոչ միայն արեւը մայր կը մտնէ, այլ ընդհանրապէս… չի ծագիր:

Բրիտանացի քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու խայտառակութիւններու, օր ցերեկով խօսուած սուտերու, խուսանաւումներու եւ փտածութեանց բացայայտումները այլեւս բոլորին յայտնի են:

Ատոնք զանց առնելով` անդրադառնանք նորագոյն խայտառակութեան:

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը քանի մը օր առաջ պաշտօնազրկեց ազգային հաւաքականի մարզիչ Սեմ Էլըրտայսը (Պիկ Սեմ), որ այդ պաշտօնը ստանձնած էր միայն 67 օր առաջ:

Ամէն բան սկսաւ «Թելեկրաֆ» թերթին հրապարակումով:

Թերթը կը նշէր, որ մինչեւ Անգլիոյ հաւաքականի մարզիչ նշանակուիլը, Սեմ Էլըրտայս հանդիպած է հեռաւոր արեւելքի «գործարարներու» հետ (թերթի ծպտուած լրագրողները), որոնք ուզած էին խարդախութեան միջոցով գումար շահիլ Անգլիոյ մէջ մարզիկներու փոխանցումներու գործարքներէն: Խօսքը եղած է աւելի քան կէս միլիոն տոլարի մասին:

Էլըրտայս համաձայնած է իբրեւ ներկայացուցիչ մեկնիլ Սինկափուր եւ Հոնքոնկ ու բացատրել` ինչպէս կարելի է շրջանցել Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կանոնակարգը, որ կ՛արգիլէ երրորդ կողմին իրաւունքներ ունենալ մարզիկի փոխանցումի գործարքին մէջ:

«Թելեկրաֆ» 10 ամիս կատարած է լրագրողական քննութիւն: Իբրեւ գործարար ներկայացած լրագրողներու բանակցութիւնները տեսագրուած եւ ձայնագրուած են… քանի մը օր առաջ հրապարակուած, եւ… երթա՜ս բարով Էլըրտայս…

Բնականաբար մարդիկ անակնկալի եկած Յուլիոս Կեսարին նման ըսին.

– Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս:

Երկրի մը  ազգային հաւաքականի մարզիչի պաշտօնը երբ անհատի մը վստահուի, կ՛ակնկալուի, որ այդ անձնաւորութիւնը պատիւ զգայ, սակայն ըստ երեւոյթին այս մարդիկը խարդախութեան դիմաց չեն կրցած ըսել.

– Ետիս գնա՛, սատանայ…

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի Կազմը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.