Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

October 1, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻԿՏՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻ
ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան 11-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցան ակադեմական Վ. Համբարձումեան եւ խումբ մը հայ աստղագէտներ` Բիւրականէն եւ Երեւանէն: Հայազգի աստղագէտը` Վ. Համբարձումեան, նախագահ ընտրուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան:

Վերադարձին, Երեւանի մէջ, ակադեմական Վ. Համբարձումեան տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի Հեռագրական գործակալութեան թղթակիցին հետ եւ հետեւեալ յայտարարութիւնները ըրած է.

«Միջազգային աստղագիտական միութեան համագումարները տեղի կ՛ունենան երեք տարին անգամ մը: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ համագումարը տեղի ունեցաւ 1958-ին, Մոսկուայի մէջ:

«Այս վերջին համագումարը տեղի ունեցաւ Պերքլիի մէջ»` Սան Ֆրանսիսքոյի մօտերը: Համագումարի ընթացքին, իւրաքանչիւր գիտնական ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները տեղեկատուութեան ձեւով: Մշակուեցաւ համագործակցութեան ծրագիր մը բոլոր բնագաւառներուն համար: Հետազօտութիւնները ներդաշնակելու աշխատանքները կը կատարեն Միջազգային աստղագիտական միութեան քառասուն մնայուն յանձնախումբերը:

«Այս տարի, ի տարբերութիւն անցեալ համագումարներուն, պատրաստուած էին ծաւալուն զեկուցումներ, որոնց առաջին երկուքը կարդացին ամերիկացի երկու աստղագէտներ` Վան Ալէն եւ Շուարցշիլտ: Առաջինը նուիրուած էր երկրագունդին շուրջը ձգուած, այսպէս կոչուած, ճառագայթող գօտիներուն, զորս յայտնաբերած են խորհրդային բնագէտ Ս. Վեռնով եւ ամերիկացի աստղագէտ` Վան Ալէն, արուեստական արբանեակներու միջոցաւ ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ: Շուարցշիլտ խօսեցաւ աստղերու բնաշրջութեան վերաբերեալ հետաքրքրական հարցերուն մասին, որոնք այժմ իրենց վրայ կեդրոնացուցած են գիտնականներուն ուշադրութիւնը:

«Երրորդ զեկուցումը, որուն նուիրուած էր համագումարի մէկ նիստը, ըրի ես, արտածիր-կաթի աստղագիտութեան հարցերու մասին: Իմ զեկուցումիս մէջ փորձեցի հեռաւոր ծիր-կաթիններու մէջ տեղի ունեցող ֆիզիքական բնաշրջումներու հարցին մօտենալ մեր մօտ Բիւրականի աստղադիտարանին մէջ մշակուած նոր տեսակէտէն: Այս տեսակէտին հիման վրայ, ծիր-կաթիններու աստղագիտութեանց գոյացման եւ զարգացման գործին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան անոնց մէջ եղած խիտ միջուկները:

Իմ, ինչպէս նաեւ խորհրդային միւս գիտնականներու զեկուցումներու ժամանակ, առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի աստղագէտներուն ցոյց տրուեցան առանձին ծիր-կաթիններու լուսանկարները, որոնք առնուած էին Բիւրականի եւ Խրիմի աստղադիտարաններուն մէջ:

Խրիմի աստղադիտարանին տնօրէնը Ա. Սեվերնի խօսեցաւ արեգակի մագնիսային երեւոյթներու մասին: Խրիմի մէջ կատարուած նորագոյն հետազօտութիւններուն հիման վրայ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս արեգակին նշանաւոր բռնկումները արեգակի մթնոլորտին մէջ կը վերածուին արագօրէն փոխուող մագնիսադաշտերու բարդ պատկերի մը:

Փրոֆ. Բ. Վորոնցով – Վիլեամինով զեկուցում մը կարդաց փոխազդեցութեան մէջ գտնուող ծիր-կաթիններու մասին:

Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց առաջին անգամ ըլլալով Բիւրականի մէջ  յայտնաբերուած ճերմակ թզուկներէ բաղկացած աստղակուտակը:

Ամերիկացի աստղագէտները գտած են Հրատ մոլորակին ռատիօ ճառագայթումը:

Անգլիացի ծանօթ ռատիօ – աստղագէտ փրոֆ. Ռայլ հաղորդեց հեռաւոր ռատիօ – ծիր – կաթինները հաշուելու ուղղութեամբ իր աստղադիտարանին կատարած աշխատանքները, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին տիեզերքին կառուցուածքը հասկնալու համար:

Համագումարի ընթացքին տրուեցան կարեւոր որոշումներ: Ասկէ եւ նիստերէն զատ տեղի ունեցան բազմաթիւ ոչ պաշտօնական հանդիպումներ, միշտ հետաքրքրական խօսակցութիւններով:

Հայ աստղագէտները այլ կարգի բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան Քալիֆորնիա բնակող հայերու հետ: Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայերը ընդունելութիւններ կազմակերպեցին` ի պատիւ հայ աստղագէտներուն:

 

Նախորդը

Օդերեւոյթ (1 հոկտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ԱՐԵՒՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` ԷՆՔԱՆԵՐԸ (Ա. ՄԱՍ)

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.