
Այն միջոցին, երբ մտավախութիւնները կը շեշտուին յառաջիկայ օրերուն երկրի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի վատթարացման առնչութեամբ, յայտարարուող բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, անդին կացութիւնը փրկելու միտող ճիգերը թափ առած են ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:
Արդարեւ, հակառակ այն վարկածին, թէ գոյութիւն ունեցող հարցերը լիբանանեան, տեղական միջոցներով պէտք է լուծել, այսուհանդերձ վարչապետ Թամամ Սալամ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է Լիբանանի եւ շրջանի տագնապներուն իրազեկ եւ լուծման առնչակից պետութեանց վարիչներուն հետ:
Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Սալամ երէկ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ անջատաբար տեսակցեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Աւստրալիոյ վարչապետ Մալքոլմ Թոռնպոլի հետ: Խորհրդակցութիւնները, որոնց ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ, կեդրոնացան երկրին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապին լուծման կարելիութիւններուն վրայ: «Միջազգային բոլոր ճիգերը կը միտին նպաստել Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ճիգերուն, սակայն ցարդ շօշափելի ոչինչ կայ», յայտարարեց Սալամ` Սերկէյ Լաւրովին հետ տեսակցելէ ետք:
Նեպիհ Պըրժի
Լիբանանի զօրակցութեան եւ անոր տագնապներու լուծման ճիգերուն նպաստելու միտող միջազգային, յատկապէս ռուսական եւ եւրոպական, ինչպէս նաեւ աւստրալիական գործակցութեան պատրաստակամութիւնը կու գայ Ֆրանսայի եւ Եգիպտոսի քայլերէն ետք: Վերջիններս իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ամէն ձեւով զօրակցելու Լիբանանին` հարթելու համար հրատապ հարցերը: Արդարեւ, միջազգային ընտանիքը քուլիսային սերտ եւ մնայուն ճիգեր կը տանի, նախքան 28 սեպտեմբերի ժամկէտը գոհացուցիչ լուծման յանգելու համար:
Այլապէս կրնանք գտնուիլ խիստ մեծ տագնապի դիմակալման սեմին, ինչպէս ընդգծեց երէկ քաղաքական մեկնաբան Նեպիհ Պըրժի ձայնասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին: Այս մտավախութեանց առաջքը առնելու նախանձախնդրութեամբ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խորհրդակցութեանց պիտի ձեռնարկէ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի պատասխանատուներուն հետ: Այս գծով խորհրդակցութիւնները պիտի ընդգրկեն նաեւ լիբանանեան հրատապ, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թնճուկին հարցով համախոհութեան մը յանգելու կարելիութեան ճիգերը:
Դոկտ. Ուասիմ Պազզի
Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանցի վերլուծաբան դոկտ. Ուասիմ Պազզի «Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի յայտագիրին ընթացքին ընդգծեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծումը տակաւին երկար պիտի տեւէ: Փաստօրէն, իրողութիւններ կան, զորս կարելի չէ շրջանցել կամ անտեսել: Պազզի ազգային քայլ նկատեց 1943-էն ի վեր աննախընթաց` քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան պայմանագիրը զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ 2006-ին:
Էտմոն Սաապ
Նմանապէս, լիբանանցի լրագրող, քաղաքական մեկնաբան Էտմոն Սաապ անհրաժեշտ նկատեց միջլիբանանեան համապարփակ համախոհութեան կայացումը երկրի տարբեր կողմերուն միջեւ: Դարձեալ «Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի քաղաքական զրոյցի ընթացքին Էտմոն Սաապ Ազգային ուխտի պահպանումը որակեց իբրեւ «ազգային բաժնեկցութեան արհեստական խորագիրը»: Ըստ Սաապի, անիկա ունի սահմանադրական եւ սատանայական ճիւղաւորումները, որոնց միջեւ կեդրոնացած է տագնապը:
Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ
Երկրին քաղաքական սլաքը իր բնականոն հունին վրայ զետեղելու ճիգերը շարունակուեցան նաեւ ներքին ճակատի վրայ, եւ այս առնչութեամբ կեցուածքները եկան տագնապի լուծման իրենց մօտեցումը դրսեւորելու` իւրաքանչիւրը մեկնելով իր դիրքէն ու քաղաքական կողմնորոշումի դիտանկիւնէն:
Նեպիհ Պըրրի
Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ, չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումներուն վերահաստատեց, որ ինք վճռական կը մնայ իր կեցուածքին վրայ եւ նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծումը կ՛ընթանայ համախոհութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան ուղիով: Պըրրի քուլիսային ճիգեր կը տանի` վերակենդանացնելու Ազգային երկխօսութեան նիստերը:
Աուն – Հարիրի Բեւեռները
Իսկ առնչակից գլխաւոր «բեւեռները»` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «լուռ են» եւ կը հետեւին քուլիսներու ետին շարունակուող խորհրդակցութիւններու հոլովոյթին:
Հարիրի աչալուրջ կը հետեւի այս առնչութեամբ տարուող ճիգերուն` ներքին թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Նախկին վարչապետը յատկապէս կը սերտէ եւրոպական ընտրանքները` նախքան իր տունդարձը:
Իսկ զօր. Միշել Աուն իր կարգին կը հետեւի կատարուող քուլիսային խորհրդակցութեանց, առանց դրսեւորելու իր վերջնական կեցուածքը, սպասելով խորհրդակցութիւններուն արդիւնքին: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, յատուկ գաղտնաբառ մը գոյութիւն ունի Աունի եւ Հարիրիի միջեւ, ինչ որ կը խթանէ անոնց Պաապտայի պալատ եւ վարչապետարան «տեղափոխութիւնը»: 28 սեպտեմբերի սեմին, նշեալ գաղտնաբառին հանգամանքը առաւել եւս կը շեշտուի:


