Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկախութեան Սերունդ» Տօնական Համերգը. «Հայաստանը Կ՛ընթանայ Ժողովրդավարական Կայունութիւն Ստեղծելու Բարդ, Բայց Հեռանկարային Ուղիով»

September 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hamerk-1_92116

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 սեպտեմբերին ներկայ գտնուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-րդ տարեդարձին առիթով «Կարէն Դեմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Անկախութեան սերունդ» խորագիրով տօնական համերգին:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահը դիտել տուած է, որ դժուար, սակայն պատուաբեր ուղի եղած է 25-ամեայ երթը, որուն ընթացքին գրեթէ ոչինչէն կարելի եղած է կառուցել անկախ ու ժողովրդավարական երկիր, իսկ ժողովուրդը բոլոր փորձութիւնները յաղթահարեց յատուկ տոկունութեամբ, իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու խիզախութեամբ, կարելիութիւն գտաւ պաշտպանելու Հայաստանն ու Արցախը, զարգացնելու տնտեսութիւնն ու հասարակական կեանքը:

Նախագահ Սարգսեան շեշտը դրած է անկախութեան սերունդին վրայ` նշելով, որ 25 տարիներուն ընթացքին հասակ նետած է այնպիսի սերունդ մը, որուն համար Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը ո՛չ միայն ճակատագիր էր, այլեւ պատիւ, որուն համար ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքները մտածողութեան եւ աշխարհընկալման հիմքեր են, որ պատրաստ է կռուելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Առ այդ, ան շատ կարեւոր նկատած է սերունդներ պատրաստելը, որովհետեւ անոնք են, որ փառք պիտի բերեն Հայաստանին:

Նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ անկախութեան սերունդը ունի բարձր չափանիշներ եւ բարձր պահանջներ, նաեւ` դժգոհութիւն, բողոք որովհետեւ կ՛ուզէ ապրիլ աւելի լաւ երկրի մը մէջ, կ՛ուզեն ապրիլ աւելի ազատ, աւելի օրինական, աւելի բարեկեցիկ երկրի մը մէջ` չարտօնելով, որ աւագ սերունդի ներկայացուցիչները կորսնցնեն զգօնութիւնը` խթանելու համար բարեփոխումներու կշռոյթը: Ըստ անոր, այսօր երկիրը կ՛ընթանայ ժողովրդավարական կայունութիւն կառուցելու շատ բարդ, բայց ամէնէն հեռանկարային ուղիով:

Հայաստանի նախագահը հաստատած է, որ  25 տարիները բաւարար էին գիտակցելու, որ ծագած մարտահրաւէրները կը լուծուին միայն անձնական ուժերով ու ճիգերով: «Անկախութեան սերունդը կու գայ աստիճանաբար ստանձնելու այդ պատմական պատասխանատուութիւնը: Ան օտարի աչքին փուշը տեսնելէ առաջ կը խօսի մեր աչքի գերանին մասին: Ասիկա ճիշդ ճանապարհ է, որովհետեւ մեր բոլոր խնդիրներուն լուծումները մեր մէջ են: Որքան հասուն ըլլանք իբրեւ հասարակութիւն, այնքան աւելի արագ կը լուծենք մեր հարցերը», շեշտած է նախագահը:

Անդրադառնալով բարեփոխումներու նոր, արագընթաց փուլին` Սերժ Սարգսեան զանոնք նկատած է որակապէս նոր պետութիւն կառուցելու ուղի, ուր յաջողութեան կարելի է հասնիլ միասնական ճիգերով:

 

Նախորդը

Հոլլանտ Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Հիւրընկալելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Յաջորդ Հանդիպումը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներու Եւ Ներկայացուցիչներու Հետ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.