Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասիկա Մեր Տնտեսութեան Զօրահանդէսն Է». Արծուիկ Մինասեան` «Արտադրուած Է Հայաստանում» Ցուցահանդէսին Մասին

September 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ardzvig_91916

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը 19-22 սեպտեմբերին «Մերիտիան էքսփօ» կեդրոնին մէջ կազմակերպած է «Արտադրուած է Հայաստանում-2016» ցուցահանդէսը, որուն բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեանը:

«Իբրեւ նախարար ինծի համար հպարտութեան զգացում է բոլոր տաղաւարներուն մէջ հայկական արտադրութիւններ տեսնելը եւ զգալը, որ անոնք որակ ունին, միջազգային մակարդակով անհրաժեշտ մրցակցութեան պայմանները կ՛ամբողջացնեն: Ասիկա մեր տնտեսութեան զօրահանդէսն է, եւ զուգադիպութիւն չէ, որ արհեստագիտական առարկաներէն սկսեալ մինչեւ սնունդի մասն ու ծառայութիւններու բաժին այցելելով մենք կրնանք հպարտօրէն ըսել, որ ունինք այդ ներուժը եւ տնտեսութեան մէջ  դրական որոշ փոփոխութիւններ իրականացնելով` պիտի կարենանք ոտքի կանգնեցնել մեր տնտեսական ուղղուածութեան ներուժը», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արծուիկ Մինասեան:

Նախարարի պաշտօնակատարին համաձայն, որեւէ երկրի տնտեսութիւն հիմնուած է երեք ուղղութիւններու վրայ` ներդրումները, արհեստագիտութիւնները եւ մասնագիտական կարողութիւնները:

«Որեւէ աշխատանք, որ հիմնուած է մասնագիտական գիտելիքներու վրայ, ինքնին արդէն յեղափոխական է: Եւ մենք ունինք այդպիսին թէ՛ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին, թէ՛ նորարարական լուծումներու առումով նորաբերութեան, եւ թէ՛ յայտնի սննդամթերքի բնագաւառին մէջ», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ցուցահանդէսը եւ ի՞նչ քայլեր անհրաժեշտ են այս ոլորտին մէջ զարգացում ապահովելու համար` Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ անհրաժեշտ են քանի մը քայլեր` որակի վերահսկողութեան պատշաճ համակարգի ներդրում, որակի ենթակառուցուածքի ամբողջութեամբ վերազինում, որ պիտի ապահովէ միջազգային մրցունակութեան համարժէք եւ պատշաճ որակ եւ պիտի ապահովէ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին սպառողներու շահերու պաշտպանութիւնը:

Ըստ անոր, ցուցահանդէսին նպատակը հայկական արտադրութիւններու սպառումը չէ անպայման, այլ անոնց ցուցադրութիւնը, ծանօթացումը: Մինասեան դիտել տուած է, որ սպառման համար պէտք է կազմակերպուի եւ իրականացուի համապատասխան ծրագիր, որպէսզի կարելի ըլլայ հայկական արտադրութիւնները հասցնել արտաքին շուկաներ, ինչպէս` Ռուսիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն:

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Գոհ Ենք Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն»

Յաջորդը

Ճոն Քերրի Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.