
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութսալի խումբը լաւապէս կը պատրաստուի 2016-2017 տարեշրջանի Լիբանանի ֆութսալի երկրորդ դասակարգի ախոյեանութեան, որ պիտի սկսի 24 սեպտեմբեր 2016-ին:
Անցեալ տարի, խումբը միայն մէկ կէտի տարբերութեամբ չկրցաւ բարձրանալ առաջին դասակարգ:
Նշենք, որ խումբին մաս կը կազմէ հայրենի մարզիկ Անդրանիկ Կարապետեան, որ Լիբանան հասաւ շաբաթ, 10 սեպտեմբեր 2016-ին եւ արդէն իսկ երկուշաբթի, 12 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին փորձը խումբին հետ:


