Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Ստորագրած Է Կարէն Կարապետեանը Վարչապետ Նշանակելու Հրամանագիրը

September 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garabedian_91416

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 13 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր` Կարէն Կարապետեանը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ նշանակելու մասին:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը փոխանցեն, որ հրամանագիրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով` կ՛որոշեմ Կարէն Կարապետեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ»:

Կարէն Կարապետեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովի Նիստին Ընթացքին

Հայաստանի նոր նշանակուած վարչապետ Կարէն Կարապետեանը Ազգային ժողովի ամպիոնէն 14 սեպտեմբերին ներկայացուցած է այն քայլերը, որոնց կը ծրագրէ դիմել ձեւաւորուելիք կառավարութիւնը` երկրի տնտեսութիւնը յառաջ տանելու նպատակով:

Խորհրդարանին մէջ Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ընթացքին վարչապետը` պատասխանելով Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Լիւտմիլա Սարգսեանի հարցումին, թէ ի՞նչ քայլեր պիտի առնուին, ի՞նչ պիտի կատարուի առաջնահերթ նկատուած խնդիրները լուծելու համար, ընդգծած է, որ պիտի ներկայացնէ երկու փուլէ բաղկացած ծրագիր: «Առաջին փուլին արագ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, այլ պիտի առնուին այն քայլերը, զորս մենք մօտ ապագային պիտի կարենանք իրականացնել: Երկրորդ փուլին համար մեզի ժամանակ պէտք է, որպէսզի մենք որոշենք, թէ ո՛ր ուղղութեամբ պիտի առաջնորդենք մեր երկիրը», նշած է Կարապետեան:

Ան դիտել տուած է, թէ պէտք չէ ակնկալել, որ նոր կառավարութիւնը շատ արագ կերպով փոխէ երկրին տնտեսութիւնը: «Հիմա կը յայտարարեմ, որ շատ արագ փոփոխութիւններու ակնկալութիւններ պէտք չէ ունենալ, բայց մենք ազդանշաններ պիտի տանք, թէ ո՛ր ուղղութեամբ պիտի տանինք մեր երկիրը», հաստատած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեան նաեւ ընդգծած է, որ նոր կառավարութիւնը պիտի օգտագործէ նաեւ նախորդ կառավարութեան ծրագիրը: «Մենք պէտք է կարենանք ստեղծել առաւելագոյն չափով բարենպաստ պայմաններ յաւելեալ արժէք ստեղծելու համար: Ասիկա կրնայ շատ ընդհանուր բանաձեւ թուիլ, բայց այս պահուն այսքան, որովհետեւ լաւ ապրող երկիրները անոնք են, ուր ստեղծագործող, գործարար, յաւելեալ արժէք ստեղծող մարդը ինքզինք արժէքաւոր կը զգայ: Պաշարներ ունեցող երկիրները ասոնց մէջ չեն: Իսկ մեր յառաջիկայ քայլերուն առնչութեամբ մենք հանրութիւնը տեղեակ կը պահենք», ըսած է վարչապետը: Ան յստակեցուցած է, որ երբ կ՛ըսէ, թէ արագ փոփոխութիւններ պէտք չէ ակնկալել, այդ չի նշանակեր, որ քայլերու պիտի չձեռնարկուի: «Մենք յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկենք ընկերային լարուածութեան մեղմացման եւ գործառնութեան միջավայրի բարելաւման ի խնդիր: Բայց մենք պէտք է հասկնանք, որ կախարդական փայտիկ չունինք: Ես հիմա կը յայտարարեմ, որ եթէ մենք կ՛ուզենք մեր երկրի տնտեսութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարել, ապա պէտք է դիմենք իրողական, համակարգային փոփոխութիւններու: Ես հիմա բաց ու ազնիւ կերպով կ՛ըսեմ, որ այսօր մեր երկրի տնտեսութեան վիճակը շատ ծանր է, չափազանց ծանր է», հաստատած է նոր նշանակուած վարչապետը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ սկզբունքով պիտի կազմուի կառավարութիւնը` Կարէն Կարապետեան ըսած է, թէ կառավարութեան կազմը պիտի համալրուի արհեստավարժ մարդուժով եւ տարրերով:

Պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոբելեան հարցուցած է մենաշնորհներու եւ ստուերի դէմ պայքարին մասին: Նոր նշանակուած վարչապետը պատասխանած է. «Պատրաստ եմ պարզ, բաց եւ անկեղծ ըլլալու հասարակութեան հետ. տնտեսութեան զարգացումը չունի այլ բանաձեւ, քան ստուերի դէմ պայքարելու ուղին: Մենք պիտի փորձենք ատիկա ընել: Կը յաջողի՞նք, թէ՞ ոչ, մենք վճռական տրամադրուած ենք, որովհետեւ տնտեսութեան զարգացման ուրիշ ձեւ գոյութիւն չունի: Մենաշնորհները միշտ վատ չեն, եւ եթէ շուկան փոքր է, ապա շուկայի խաղացողներէն մէկը կրնայ մենաշնորհեալի դիրք գրաւել: Այլ հարց է, թէ բնակա՞ն մենաշնորհ է, թէ՞ ոչ»: Ան աւելցուցած է, թէ բոլոր հարցերուն մանրամասնօրէն ծանօթ չէ, կը սերտէ, ապա կը խօսի այդ մասին:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Կարէն Կարապետեանը Ճիշդ Անձնաւորութիւնն Է, Որ Պէտք Է Նշանակուէր` Ղեկավարելու Բարենորոգումներու Հոլովոյթը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.