Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մկրտչեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Կը Գտնուի Վրաստան

September 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

levon-georgia_91416

Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ալեքսանտր Ճեճելաւայի հրաւէրով Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 12-14  սեպտեմբեր 2016-ին գտնուած է Վրաստան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի բաժանմունքի պետ Կարէն Մնացականեան եւ նախարարութեան կրթական ծրագիրներու կեդրոնի տնօրէն Գրիշա Յովհաննիսեան:

Տեղի ունեցած են հանդիպումներ կրթութեան եւ գիտութեան մարզի պատասխանատուներուն հետ, մասնաւորապէս քննարկուած են երկու երկիրներու կրթական համակարգերու բարեփոխումներու, կրթական քաղաքականութեան, կրթութեան որակի ապահովման եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ հետագայ հաւանական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր:

Նախատեսուած էր նաեւ միջնախարարական համաձայնագիրով գործուղուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի ուսանողներու հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցերու քննարկում:

Այցելութեան օրակարգին վրայ եղած են նաեւ Ջաւախքի հայերէնով ուսուցումով դպրոցներուն վերաբերող հարցեր` ուսուցիչներու վերապատրաստումներու արդիւնաւէտ կազմակերպում, իբրեւ  մարդասիրական օգնութիւն` դասագիրքերու, ուսումնամեթոտական եւ դպրոցական գրադարանային գրականութեան տրամադրում:

Կողմերը քննարկած են նաեւ երկու երկիրներու վարչապետներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ անոնց իրականացման մեքանիզմները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Կողմ Պիտի Քուէարկէ Արթուր Դաւթեանի Թեկնածութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի 5 Խմբակցութիւններ Նախաստորագրած Են Ընտրութեան Վերահսկման Մեքանիզմներու Վերաբերող Համաձայնագիր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.