Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստան. Ջիւանիի Օրը Նշուած Է Աննախընթաց Ու Բացառիկ Ձեռնարկներով

September 15, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

jivani1_91516

Թիֆլիսի, Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի եւ Ախալքալաք քաղաքին մէջ 26-27 օգոստոսին տեղի ունեցած են Ջիւանիի օրուան տօնակատարութիւնները:

Այս մասին յայտնած են «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնարկէն` նշելով, որ ձեռնարկներուն շարքը բացառիկ էր ու աննախընթաց: Տրուած է այցելութիւն` Թիֆլիսի մէջ գտնուող Ջիւանիի շիրիմին, կատարուած է Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն եւ առաջին անգամն ըլլալով` աշուղական մրցոյթ:

Ներկայ եղած են մտաւորականներ, հոգեւորականներ, արուեստագէտներ, երաժշտագէտներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ` Ջաւախքէն ու Հայաստանի տարբեր շրջաններէ եւ Հայաստանէն դուրս ապրող բազմաթիւ հայրենակիցներ ու ջիւանասէրներ:

jivani2_91516

Տօնակատարութեան առաջին օրը` 29 օգոստոսին, վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի առաջարկով, հայ մտաւորականութեան, հոգեւոր բարձր դասի, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչները, «Ջաւախքին աջակցութիւն հիմնադրամ»-ի (ՋԱՀ) հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ գործադիր վարչութեան ներկայացուցիչները, «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ջիւանիի ծոռ Գրետա Նիժալածէ այցելած են Խոջիվանքի գերեզմանատուն` Թիֆլիսի մէջ հայկական պանթէոն, ուր թաղուած է Մեծն Ջիւանի: Տապանաքարին վրայ տարածուած է հայրենի Կարծախէն բերուած հող ու ջուր:

27 օգոստոսին Ջիւանիի տօնակատարութիւններու օրը ընթացք առած է Կարծախի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցիէն, ուր սուրբ պատարագ մատուցած է վիրահայոց թեմի Ջաւախքի ընդհանուր փոխանորդութեան առաջնորդ Բաբգէն վրդ. Սալբիեան: Պատարագէն ետք յարգանքի տուրք մատուցուած եւ ծաղիկներ զետեղուած է Ջիւանիի կիսանդրիին մօտ, որմէ ետք տեղի ունեցած է Ջիւանիի տուն-թանգարանին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

ՋԱՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծած է տուն-թանգարանին կարեւորութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով խորհրդային տարիներէն ետք Ջաւախքի մէջ բացուած մերօրեայ առաջին թանգարանը ըլլալու հանգամանքը: Թանգարանին մէջ ներկայացուած են մեծն աշուղի կեանքին ու ստեղծագործութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ ուշագրաւ նմուշներ` կեանքի տարբեր շրջաններուն, հարազատներուն, ընտանիքի անդամներուն, ժառանգորդներուն առնչուող լուսանկարներ, երգերու լաւագոյն կատարողներն ու մշակողները, մեծն աշուղի մասին հրատարակուած բոլոր գիրքերն ու լաւագոյն յօդուածները, Ջիւանիի գործիքները` քեամանին եւ ջութակը, անոր մանկութեան շրջանի տարազը եւ այլն:

Ողջոյնի խօսք արտասանած են Վրաստանի քաղաքացիական հաւասարութեան եւ հաշտութեան հարցերով պետական նախարարութեան առաջին տեղակալը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարի առաջին տեղակալ Արթուր Պօղոսեան:

Ջիւանիի օրուան տօնակատարութեան ծիրին մէջ աննախընթաց էր նաեւ աշուղական մրցոյթը` աշուղ Լէյլիի եւ աշուղ Ալիք Ջաւախքի մասնակցութեամբ: 29 օգոստոսին սկսած են նաեւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի ետեւի մասի վերականգնման աշխատանքները` շնորհիւ նուիրատուներուն: ՋԱՀ-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեան այս առիթով ըսած է. «Այսօր աւարտուեց տուն-թանգարանի հիմնադրման աշխատանքների առաջին փուլը, բայց միաժամանակ մեկնարկեց եւ երկրորդ փուլը»:

Նախաձեռնութիւններու շարքի «վերջին կանգառը» Ախալքալաքն էր, ուր «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի հիմնադիր տնօրէն, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ 10 տարի առաջ տեղադրուած Ջիւանիի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցուած է, ներկայացուած է արձանի պատմութիւնն ու վերստին արժեւորուած ու մեծարուած` մեծն աշուղի ստեղծագործական ուղին ու ձգած ժառանգութիւնը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Սեպտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Տէրսիմի Հայերը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.