Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաղթելով Հանրապետութեան Նախագահի Շուտափոյթ Ընտրութիւն` Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան «Խռովութիւններով Փոթորկոտ Շրջանի Մը Մէջ Կայունութեան Ովասիս Մը» Որակեց Լիբանանը

September 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mashnouk_mkrtchian_90716

Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Առաջին այս հանդիպումին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի ընդհանուր իրադրութեան, երկկողմանի յարաբերութեանց եւ շրջանային իրավիճակի վերջին զարգացումներուն վրայ:

Այս առիթով դեսպան Մկրտչեան խիստ բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական ուժերու ճիգերը: Ան յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տարուի ընդլայնելու  երկկողմանի յարաբերութիւններուն ծիրը եւ բարձրագոյն մակարդակի հասցնելու զայն:  Դեսպան Մկրտչեան մաղթեց, որ շրջանին մէջ շուտափոյթ համատարած խաղաղութիւն տիրէ:

Ընթացիկ սեպտեմբերի վերջաւորութեան  Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանապետին Պէյրութ կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութեան քայլերուն ծիրին մէջ կատարուած այս այցելութեան առիթով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս մասին` նշելով, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը ճիգ չեն խնայեր երկրին անդորրութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու եւ քաղաքացիները պաշտպանելու համար: «Երկրին ապահովական վիճակը հակակշիռի տակ է», ընդգծեց նախարար Մաշնուք` դրական երեւոյթ նկատելով կողմերուն նախանձախնդրութիւնը երկրին կայունութեան պահպանման գծով: Միւս կողմէ, Մաշնուք նկատել տուաւ, որ միջազգային ընկերութեան համար նպաստաւոր է այս կայունութեան պահպանման խթանող մթնոլորտ ստեղծել: Միաժամանակ ան յայտնեց, որ Լիբանան կը տառապի  տնտեսապէս եւ  քաղաքականապէս նախագահի բացակայութեան պատճառով, հոսկէ` այս թափուր աթոռի բացը լեցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ երկիրը գահավիժումէ փրկելու  հրամայականը»:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Գործակցելու` ՏԱՀԵՇ-ը Ռաքքայէն Վտարելու Համար»

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստի Գումարման Եւ Յետաձգման Հաւանականութեանց Լոյսին Տակ. Հըզպալլա Որոշեց Չմասնակցիլ Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.