
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ երկրորդ անգամ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ըստ Քալընի, հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած Է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Էրտողան յորդորած է Հալէպի մէջ անյապաղ կեանքի կոչել զինադուլի դրութիւնը:
Նախապէս Էրտողան Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ծիրին մէջ արդէն հանդիպում ունեցած էր Օպամայի եւ Փութինի հետ:


