Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Փութին-Օպամա Հանդիպում

September 5, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Putin-Obama_90416

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա համաձայնած են այսօր Չինաստանի Հանկշու քաղաքին մէջ ունենալ դէմ առ դէմ հանդիպում մը, որ տակաւին չէ ճշդուած, թէ լիարժէ՞ք պիտի ըլլայ, թէ՞ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ:

Օպամա յայտարարեց, որ Ռուսիոյ հետ ընթացող բանակցութիւնները դժուար են եւ տարակարծութիւնները կը յամենան: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը երկար ատենէ ի վեր կը փորձէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները նուազեցնել եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու մատակարարումը բաւարարել, սակայն առանց Ռուսիոյ հաւանութեան դժուար պիտի ըլլայ յաջորդ փուլ անցում կատարել:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, երկու կողմերը քննարկած են համաձայնութեան սղագիր մը, որ կը բովանդակէ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին զինադուլի հաստատում եւ կը կեդրոնանայ շրջափակուած Հալէպ քաղաքի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման վրայ: Ըստ համաձայնութեան, Ռուսիա պէտք է Սուրիոյ օդուժին արգիլէ «գլխաւոր ընդդիմութեան» վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները ռմբակոծել, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակը պէտք է հեռանայ «հիւսիսային Հալէպի մատակարարման ճամբայէն»:

Մինչ այդ, Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման վերաբերեալ պէտք եղած համաձայնութիւնը չէ գոյացուցած` Մոսկուան ամբաստանելով կարգ մը հարցերու վերաբերեալ «ետքայլ» կատարելու յանցանքով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն ականաւոր պաշտօնատար մը յայտնեց. «Ռուսերը ետքայլ կատարեցին կարգ մը հարցերէ, որոնց շուրջ կը կարծէինք համաձայնութիւն գոյացուցած ըլլալ, ուստի խորհրդակցութեան համար պիտի վերադառնանք մեր մայրաքաղաքները»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան մէջ կարգ մը թեքնիք կէտեր լուծուած են, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին երկու դժուարութիւններ, որոնց լուծման համար երկու կողմերը այսօր դարձեալ պիտի հանդիպին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իր կարգին նշեց, որ ժողովը նպաստած է Սուրիոյ վերաբերեալ համաձայնութեան ձեռք բերման մօտենալու` նշելով, որ համաձայնութիւնը կրնայ պատասխան տալ բազմաթիւ հարցերու, ինչպէս` ահաբեկիչներուն գտնուած վայրերուն, ինչպէս նաեւ այն հարցին, թէ որո՛նք պէտք է ահաբեկիչ նկատել:

Նախորդը

Մայր Թերեզան Դասուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբերու Շարքին

Յաջորդը

Սուրիոյ Բանակը Կը Վերատիրանայ Անցեալ Ամիս Հալէպի Մէջ Իր Կորսնցուցած Շրջաններուն

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.